image

Լիբանանցի յայտնի բժիշկ՝ Ռոյ Նասնասի մահը անորոշ պայմաններու տակ

Լիբանանցի յայտնի բժիշկ՝ Ռոյ Նասնասի մահը անորոշ պայմաններու տակ

 Միւս կողմէ պարզ կը դառնայ, որ Նասնասի մահուան պատճառը, որուն շուրջ որոշ խորհրդապահութիւն կը պահպանուի հարցադրումներու մեծ տարափի մը պատճառ դարձած է ընկերային ցանցերու վրայ։

 

 Լիբանանցի յայտնի բժիշկ եւ մասնագէտ մանրէաբան Տօքթ. Ռոյ Նասնաս այսօր իր մահկանացուն կնքած է։ 

 Այս մասին լուրը հաղորդած է «Ալ Մայատին» կայանը, յիշեցնելով նաեւ, որ Նասնասի անունը փայլած է «Քովիտ»ի համաճարակի տարածման օրերուն, երբ Նասնաս մշտական ներկայութիւն դարձած է Լիբանանի կապոյտ պաստառներէն, ու մեկնաբանած, բացատրութիւններ տուած «Քորոնա»ի մասին։

 Միւս կողմէ պարզ կը դառնայ, որ Նասնասի մահուան պատճառը, որուն շուրջ որոշ խորհրդապահութիւն կը պահպանուի հարցադրումներու մեծ տարափի մը պատճառ դարձած է ընկերային ցանցերու վրայ։