image

Լիբանանահայ մշակութային գործիչ՝ Ղազարոս Ալթունեան արկածէ փրկուած (Լուսանկար)

Լիբանանահայ մշակութային գործիչ՝ Ղազարոս Ալթունեան արկածէ փրկուած (Լուսանկար)

 Լիբանանահայ մշակոյթի ոլորտին մէջ ծանօթ անուն հանդիսացող Ղազարոս Ալթունեան արկածի ենթարկուած է եւ կը գտնուի հիւանդանոցը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։

 

 Արկածը եղած է   Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ, երբ «Մոթոսիքլէթ» մը արագ անցնելով արկածի ենթարկած է մեր հայրենակիցը։

Ալթունեանի վիճակը կը գնահատուի բաւարար եւ անոր կեանքին վտանգ չկայ։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Ալթունեանի անունը մեծ հռչակ ստացաւ 1970-ականներէն սկսեալ, երբ ան համագործակցիլ սկսաւ Ռահպանի եղբայրներուն, Ֆայրուզին ու ապա ալ Ֆայրուզի տաղանդաւոր որդւոյն՝ Զիատ Ռահպանիին հե

 

 Շուտափոյթ ապաքինում եւ լիարժէք առողջութիւն կը մաղթենք մեր հայրենակիցին։

 

Գլխաւոր  Լուսանկարը՝ Մեր արխիւէն։