image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ Արամ Փափազեանի դիմանկարը ներկայացուած է միջազգային մրցոյթի

Լիբանանահայ Արամ Փափազեանի դիմանկարը ներկայացուած է միջազգային մրցոյթի

Լուսանկարին մէջ լիբանանահայ երիտասարդ Արամ Փափազեանն է: Լուսանկարը կը կոչուի «Գիւմրիի արիստոկրատը», հեղինակը  Էտուարտ Յովհաննիսեանն է, որ սիրողական լուսանկարներ կ'առնէ Գիւմրիի մէջ: Ան լիբանանահայ երիտասարդը լուսանկարած է Գիւմրիի մէջ եւ լուսանկարն ուղարկած է  «35 AWARDS» միջազգային մրցոյթին: 130 երկիրներէ ներկայացուած 49 000 աշխատանքներու մէջ այս լուսանկարը ընտրուած է «Թոփ 7 տոկոս»-ի մէջ:

Արամ Փափազեանը  երկու տարի առաջ Լիբանանէն Հայաստան փոխադրուած է մշտական բնակութեան: Ան կը բացայայտէ Հայաստանը, իսկ երկու ամիս առաջ որոշած է տեղափոխուիլ Գիւմրի: Ինչպէս խոստովանած է լուսանկարիչը, Արամը հետաքրքիր երիտասարդ է՝ ձեւաւորող, երաժիշտ, պարզապէս հայրենասէր: Լուսանկարին մէջ շատերուն գրաւած է յատկապէս երիտասարդի այտմորուսները (այտամորուք):

Չնայած այտմորուսները նորաձեւութենէ դուրս եկած են 1980-ական թուականներուն, սակայն անոնք միշտ կը մնան որպէս տղամարդկային ազատութեան եւ անհնազանդութեան խորհրդանիշ։ Այտամորուսային նորաձեւութեան սկիզբը դրած են ամերիկեան հիփիները «Սիրոյ ամրան» (The Summer of Love), ապա նորաձեւութիւնը տարածուած է ամբողջ աշխարհի մէջ: 

Լուսանկարը մասնակցած է նշուած մրցոյթի «Փողոցային դիմանկար» անուանակարգին, իսկ հեղինակ Էտուարտ Յովհաննիսեանն ալ ընդգրկուած է մրցոյթի «Թոփ 28 տոկոս»-ին մէջ:

Էտուարտ Յովհաննիսեանը աշխարհագրագէտ է, ունի մանկավարժի կրթութիւն, այժմ  պայմանագրային զինծառայող է։ 

Իր ազատ ժամանակը ան կ'անցնէ լուսանկարելով: Բազմաթիւ գիւմրեցիներու լուսանկարած է, բայց վերջին շրջանին Գիւմրիի մէջ շատցած են զբօսաշրջիկները, օտարերկրացիները եւ սփիւռքահայերը, որոնք նոյնէս կ'արժանանան լուսանկարչի ուշադրութեան:

Անոր նպատակը կեանքի գեղեցիկ տեսարանները արձանագրելն ու աշխարհին Գիւմրին ու անոր մարդիկը ճանաչելի դարձնելն է: