Լիբանանի մէջ բողոքի ցոյցերու մասնակից աքթիւիսթ՝ Անտրէ Կարապետ այսօր հարցաքննութեան կանչուած է։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ VDL կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Կարապետ հարցաքննութեան կանչուած է տասնեակ այլ բողոքաւորներու հետ միասին անցեալ կիրակի օր պետական երեսփոխան Թարէք Մըրհապիյի տան առջեւ հաւաք կազմակերպելու եւ ապա պատգամաւորի տուն ներխուժելու փորձին համար։
Լիբանանեան օրէնքով եղածը կը համարուի խափանարարական արարք եւ սահմանուած կարգով արարքը կ՚արժանանայ պատժական տնօրինման։
Նշենք նաեւ, որ Կարապետ այս առաւօտ խօսած է նոյն կայանին եւ ըսած, որ իրենք որպէս աքթիւիսթներ պիտի շարունակեն պայքարիլ երկրի քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչներուն դէմ մինչեւ որ արդարութիւնը հաստատուի երկրին համար ճակատագրական համարուող կարգ մը թղթածրարներու համար։
Նշենք, որ Կարապետ եւ անոր ընկերները Մըրհպէյի տան դիմաց բողոքի ցոյցեր կատարեցին առ ի բողոք Աքքարի Թիլէյլ շրջանին մէջ եղած պայթումին, եւ անոնց կարծիքով կարգ մը պաշտօնեաներ այս կամ այն կերպով եւ իրենց ամենաթող կեցուածքով պատասխանատու կը համարուի այդ մահաբեր պայթումին։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ կիրակի արեւծագին Աքքար շրջանը ցնցած պայթումին հետեւանքով զոհուած էին անձեր, իսկ հարիւրի չափ քաղաքացիներ, որոնք կը փութային վառելանիւթ ճարել վիրաւորուած։