image

Լիբանան. ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութեան այցը՝ Համազգայինի Ճեմարան եւ Հռիփսիմեանց վարժարան

Լիբանան. ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութեան այցը՝ Համազգայինի Ճեմարան եւ Հռիփսիմեանց վարժարան

 Լիբանանի ՀՅԴ Կառոյցը առաջնորդող Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ՝ Ալպեր Պալապանեանի օրերս այցելութիւն տուած է գաղութին մէջ գործող Համազգային Հայկ եւ Մելանքթոն Ճեմարան եւ Հայ Կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան։

 Ասոր մասին վերահասու դարձանք ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի էջէն։

 Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

 

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը այցելեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան։

Հայկական կառոյցներու գործունէութեան եւ դիմագրաւուած դժուարութիւններուն ծանօթանալու նպատակով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու՝ նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ Կարօ Յարութիւնեանի, ուրբաթ, 7 նոյեմբեր 2025-ին այցելեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի եւ կառոյցի այլ պատասխանատուներու հետ։ Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան, ուր հանդիպում ունեցաւ տնօրէն Ժանին Մանանեանի եւ պաշտօնէութեան հետ։

Զոյգ այցելութիւններուն, Պալապանեան ընդգծեց հայկական կրթօճախներու հսկայ դերակատարութիւնը հայկական դիմագիծի պահպանման մէջ։ Ան յայտնեց, որ այս այցելութիւններուն նպատակն է մնայուն կամուրջ մը ստեղծել հայկական կառոյցներուն միջեւ, որպէսզի հակառակ երկրի բոլոր դժուարութիւններուն, միասնաբար գործակցելով կարողանանք զանոնք յաղթահարել։

Տնօրէնները իրենց կարգին բարձր գնահատեցին նախաձեռնութիւնը։ Անոնք կարեւոր նկատեցին գործակցութեան առիթները զարգացնելու աշխատանքները, որպէսզի կարելի դառնայ միասնաբար դիմագրաւել հայկական կառոյցներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։

Պատուիրակութիւնը նաեւ շրջեցաւ դպրոցներուն մէջ՝ աւելի մօտէն ծանօթանալով անոնց անցուդարձերուն, ինչպէս նաեւ զրոյցներ ունեցաւ ուսուցիչներու եւ պաշտօնեաներու հետ, լսելով անոնց առաջարկներն ու մտահոգութիւնները։

Յատկանշական էր Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նորակառոյց «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրին մէջ շրջագայութիւնը։ Պէտք է նշել, որ այս մանկամսուրը կը գործէ երեք բաժանմունքներով եւ ապահովուած է եւրոպական մակարդակի բոլոր առաւելութիւններով։