image

Լիբանան. Հայուհի Զուլալ Պէզճեան նոր մրցանիշ հաստատած է

  Լիբանան. Հայուհի Զուլալ Պէզճեան  նոր մրցանիշ հաստատած է

Հայուհի  Զուլալ  Պէզճեան նոր մրցանիշ մը հաստատած է նիզականետութեան   մարզաձեւին  մէջ։ 

 Եղելութեան մասին   իմացանք համացանցէն։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հրապարակուած լրատւութիւնը՝ 

Հ․Մ․Ը․Մ․ական քոյր՝ Զուլալ Պէզճեան ազգային նոր մրցանիշ մը արձանագրեց՝ Աղջկանց 18-էն վար բաժանմունքի Նիզակ արձակելու մրցոյթին: Քոյրը նետեց 34.22 մեթր հեռաւորութիւն՝ Լիբանանի Աթլեթի Ֆետերասիոնի կազմակերպած տարեվերջի մրցումներուն ընթացքին, որոնք տեղի ունեցան Կիրակի, 23 Նոյեմբեր, 2025- ին, Ժամհուր վարժարանի մարզադաշտին վրայ։

Այս փայլուն յաղթանակը ապացոյցն է իր լուրջ աշխատանքին եւ նուիրումին, եւ մարզիչներու յարատեւ հետեւողականութեան։

Կը շնորհաւորենք քոյր Զուլալը եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք անոր: