image

Լիբանան. 2025-ի Քաղաքապետական խորհուրդներու առաջ հայ անդամուհին՝ Գարոլին Խաչիկեան

Լիբանան. 2025-ի Քաղաքապետական խորհուրդներու առաջ հայ անդամուհին՝ Գարոլին Խաչիկեան

Օրերս Սին էլ Ֆիլի գործող քաղաքապետ Նապիլ Քահալէի «Միասին՝ դէպի լաւագոյնը» ընտրացանկը յաղթական հռչակուած է եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ   դարձած է շրջանին մէջ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան որդեգրած թեկնածու հայուհի՝  Գարոլին Խաչիկեանը: 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ ՍԴՀԿ Լիբանանի մարմնի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Լեռնալիբանանի բնակավայրերուն մէջ կայանալիք քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններէն ընդամէնը հինգ օր առաջ, ներքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Սին էլ Ֆիլի գործող քաղաքապետ Նապիլ Քահալէի «Միասին՝ դէպի լաւագոյնը» ընտրացանկը յաղթական հռչակուած է՝

մրցակիցներու բացակայութեան պատճառով:

Նշեալ ցանկով քաղաքապետական խորհուրդի անդամ դարձաւ նաեւ շրջանին մէջ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան որդեգրած թեկնածու Գարոլին Խաչիկեան:

Կը շնորհաւորենք Գարոլին Խաչիկեանը եւ կը մաղթենք բարեբեր ծառայութիւն: Վստահ ենք, որ երիտասարդ հայուհիին ներկայութեամբ մեծապէս պիտի օգտուին քաղաքապետական խորհուրդը եւ շրջանի բոլոր բնակիչները: Բարի երթ: