image

Levon Travel Պիտի մասնակցի Գերմանիոյ հեղինակաւոր ITB Berlin ամենամեայ միջոցառմանը (Լուսանկար)

   Levon Travel Պիտի մասնակցի Գերմանիոյ հեղինակաւոր ITB Berlin ամենամեայ միջոցառմանը (Լուսանկար)

 

  Նշենք, որ  Levon Travel-ը կը համարուի այն առաջատար ընկերութիւնը, որ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր ոչ միայն իր գրասենակները բացաւ Երեւանի մէջ, այլ նաեւ կազմակերպեց Միացեալ Նահանգներէն դէպի Երեւան ուղեւորութիւնները, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն բերաւ հայրենի մշակութային կեանքի աշխուժացման սատար կանգնելով այդ ոլորտի յայտնի եւ սիրուած աստղերուն։

Ճամբորդական ոլորտին մէջ մեծ փորձ եւ անուն ունեցող Levon Travel ընկերութիւնը այս տարի եւս պիտի մասնակցի այդ ոլորտին մէջ հեղինակութիւն ունեցող   ITB Berlin ամենամեայ միջոցառման։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ընկերութեան սեփականատէր՝ Կարպիս Թիթիզեանէն։

 Թիթիզեան նաեւ նշեց, որ յառաջիկայ ամրան եղանակին մեծ աշխուժութիւն կ՚ակնկալուի Միացեալ Նահանգներէն դէպի քաղաքամայր Երեւան ուղեւորներու մեծ թիւ ունենալու առընթեր։ 

 Ըստ մեր հայրենակիցին անցեալ տարին ընկերութեան երկար տարիներու պատմութեան մէջ եղած է աննախադէպ ու այդ տարուան ընթացքին ուղեւորութեան մեծ աճ նկատուած է։ 

 Նոյն առումով ան վերահաստատեց Հայաստանի այսօրուան իրավիճակը գնահատողներու տեսակէտը այն մասին, որ 2023 տարին եւս զբօսաշրջութեան տեսակէտէ պիտի հանդիսանայ առանցքային եւ շատ յաջող տարի մը։

Նշենք, որ  Levon Travel-ը կը համարուի այն առաջատար ընկերութիւնը, որ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր  եղաւ  այն առաջին ընկերութիւնը, որ ոչ  միայն իր գրասենակները բացաւ Երեւանի մէջ, այլ նաեւ կազմակերպեց Միացեալ Նահանգներէն դէպի Երեւան ուղեւորութիւնները, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն բերաւ հայրենի մշակութային կեանքի աշխուժացման սատար կանգնելով այդ ոլորտի յայտնի եւ սիրուած աստղերուն։

Յիշեցնենք, որ Levon Travel իր առաջին գործունէութիւնը ծաւալած է Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ եւ այն հիմնադրուած է ՀՅԴ հանրայայտ գործիչ եւ անարգ ոճիրի (1986-ին թուականին) հետեւանքով նահատակուած՝Լեւոն Պէրպէրեանի կողմէ եւ մինչեւ օրս ալ կը գործէ՝ Պէյրութի, Լոս Անճելըսի եւ անշուշտ Երեւանի մէջ։