image

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կազի մատակարարումը պիտի վերականգնուի

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կազի մատակարարումը պիտի վերականգնուի

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնական կազի մատակարարումը պիտի վերսկսի այսօրուընէ:

Մարտ 28-ին պիտի վերսկսի բնական կազի մատակարարումը Ստեփանակերտ եւ յարակից այլ բնակավայրեր, առաջին հերթին պիտի իրականացուին փորձնական աշխատանքներ, կ'ըսուի Ատրպէյճանի կազաբաշխիչ ցանցը կառավարող կառոյցի մամուլի հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի նաև, որ Մարտ 29-ին փորձնական ստուգումներու աւարտէն յետոյ Ղարաբաղի տարածքին բնական կազի մատակարարումը ամբողջութեամբ պիտի վերականգնուի։