image

«Լաչինի մասով ՔՊ–ի յայտարարութիւնն աւելի լաւ է` չարուի». ընդդիմութիւնը լքեց նիստերու դահլիճը

«Լաչինի մասով ՔՊ–ի յայտարարութիւնն աւելի լաւ է` չարուի». ընդդիմութիւնը լքեց նիստերու դահլիճը

Ազգային ժողովէն ներս արտահերթ նիստ ընթացած է, որ օրակարգի վրայ ունեացած է մէկ հարց` «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ներկայացուցած Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամ յարուցելու մասին ԱԺ յայտարարութեան նախագիծը։

«Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ քիչ առաջ ԱԺ խորհուրդի նիստ գումարուած է, որու ժամանակ մերժուած է ընդդիմադիրներու`արտահերթ նիստ գումարելու առաջարկը։ Ընդդիմութիւնը լքած է նիստերու դահլիճը

«Մեր գնահատմամբ` ՔՊ–ի յայտարարութեան տեքստն աւելի լաւ է` չարուի, քանի որ այն ոչ միայն վնասում է Արցախին ու Հայաստանին, այլ նաեւ օգնելու է թուրք-ատրպէյճանական տանդեմին։ Մեր խմբակցութիւնը չի մասնակցի հարցի քննարկմանը»,–ըսած է Մինասեան։

Միաժամանակ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեանը նշած է, որ Արցախի մէջ ոչ թէ մարդասիրական ճգնաժամ է, այլ Արցախը կանգնած է պատերազմի եւ ցեղասպանութեան շեմին։ Ան տեղեկացուցած է, որ իրենք նոյնպէս պիտի չմասնակցին նիստին եւ իրենց տեսակէտը պիտի ներկայացնեն ժամը 16։00-ին, կառավարութեան առջեւ։

ՔՊ խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը, անդրադառնալով ընդդիմութեան ներկայացուցած նախագծին, ըսած է, որ ԱԺ խորհուրդի նիստի ժամանակ ընդդիմութեան առաջարկած են ցուցաբերել միասնականութիւն եւ ընդունիլ մէկ միասնական յայտարարութիւն։

«ԱԺ յայտարարութեան նախագիծը ոչ թէ կենաց է, այլ պէտք է կոնկրետ գործ անենք: Ընդդիմութիւնը, բնականաբար, հրաժարուեց, նաեւ հրաժարուեց մասնակցել այս քննարկմանը, ներկայացնել իրենց դիտարկումները։ Սա նշանակում է, որ ընդդիմութիւնը ոչ թէ նախագիծ էր ուզում ստանալ ԱԺ–ում, այլ միտինգ էր ուզում հենց ԱԺ–ում»,– նշած է ան։

ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանն ալ իր հերթին նշած է, որ ընդդիմութեան օրակարգը բոլորին յայտնի է, ի զուր ժամանակի վատնում է: