image
Հրատապ լուրեր:

Կը վախնա՞ս ջուրերու վրայ Քալելէ

Կը վախնա՞ս ջուրերու վրայ Քալելէ

Որպէսզի մենք ալ կարենանք քալել ջուրերու վրայէն, պէտք ունինք շրջանցելու մեր աչքերուն առջեւ եղող անապահով աշխարհը, եւ հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի խօսքին, որ մեզ կը հրաւիրէ դուրս գալու մեր նաւերէն եւ վստահիլ իր պատուիրաններուն: Մեր նաւերէն դուրս գալ կը նշանակէ՝ մեր մտածելակերպը, մեր ապրելակերպն ու նոյնիսկ այն շրջանակը փոխել. բան մը, որ մեզի միշտ վար կը քաշէ: Եբրայեցիներու հեղինակը կը վստահեցնէ մեզի ըսելով՝ «Վասն զի անով առաջինները վկայութիւն ընդունեցին» (Եբր. 11:2): Հաւատքը որու մասին կը խօսինք, փորձուած է հաւատքի նախահայրերու կողմէ: Հետեւաբար մենք ալ անոնց՝ սուրբերուն եւ վկաներուն նման, կրնանք վստահիլ Աստուծոյ խօսքին եւ նման այդ հաւատքի հերոսներուն մենք ալ կրնանք դուրս գալ վախի եւ յուսահատութեան նաւերէն եւ Քրիստոսի հետ քալելով փրկուիլ:

 

Որպէսզի մենք ալ կարենանք քալել ջուրերու վրայէն, պէտք ունինք շրջանցելու մեր աչքերուն առջեւ եղող անապահով աշխարհը, եւ հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի խօսքին, որ մեզ կը հրաւիրէ դուրս գալու մեր նաւերէն եւ վստահիլ իր պատուիրաններուն:

Աշակերտները սարսափելի փոթորիկի մէջ էին: Իրենց նաւը ընկղմելու վրայ էր, խաթարելով իրենց կեանքերը: Այս իրարանցումին մէջ անոնք տեսան ուրուականի նման մարմին մը, որ ջուրերու վրայ քալելով իրենց կը մօտենար: Իրենց վախերուն վրայ վախ մը եւս աւելցաւ. ո՞վ կամ ի՞նչ բան էր իրենց տեսածը: Յանկարծ Տիրոջ խաղաղութեան կոչող ձայնը լսուեցաւ՝ «Քաջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք» ( Մտթ. 14:27): Ս. Պետրոս լսելով իր վարդապետին ձայնը, եւ տեսնելով՝ թէ ինչպէս Յիսուս իրենց կեանքերը խաթարող ալիքներու վրայ կը կոխէ, ինքն ալ ուզեց Տիրոջ օրինակով քալել այդ ջուրերուն վրայէն: Յիսուսի հրաւէրով ան դուրս եկաւ նաւէն եւ սկսաւ քալել ալիքներու վրայէն: Յիսուսի ներկայութեան վստահութիւնը Ս. Պետրոսի կարողութիւն տուաւ ալիքներու վրայ քալելու: Սակայն այդ նոյն ալիքներու սաստկութիւնը, անոր միտքը շեղեց Տիրոջմէ, եւ դարձեալ վախ մտաւ անոր սրտին. վախ մը, որ զինք պիտի խեղդէր ծովուն մէջ: «Տէ՛ր, ազատէ զիս» աղաղակեց, եւ իսկոյն Յիսուս հասաւ անոր օգնութեան: Ս. Պետրոս կրկին իր ապահովութիւնը գտաւ Յիսուսի ձեռքերուն մէջ. սակայն եւ այնպէս Տէրը խստօրէն յանդիմանեց զինք ըսելով՝ «Թերահաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար»:

Ներկայիս մեզ ալ կը շրջապատեն անբարոյութեան եւ անապահովութեան ահարկու փոթորիկներ: Մեր կեանքի նաւերն ալ կը տարուբերին զարհուրելի ալիքներու ազդեցութեան տակ: Նման աշակերտներուն, մեզի համար ալ Յիսուսի ներկայութիւնը ուրուականի նման է. սակայն եւ իրական: « Տէր, եթէ դուն ես, մեզի ալ կարողութիւն տուր քալելու ալիքներու վրայէն» կ'ըսեն շատեր: Յիսուսի պատասխանն ալ միեւնոյն է՝ « դուրս եկուր նաւէն»: « Սակայն Տէր, ինչպէ՞ս դուրս քամ. ալիքները բարձր են» կը պատասխանեն անոնք կասկածով: Այդ կասկածը զանոնք կը պահէ իրենց վախի եւ յուսահատութեան նաւերուն մէջ: Դժբախտութիւնը այն է, թէ կը նախընտրենք վախի ազդեցութեան տակ ապրիլ, քան Յիսուսի վստահիլ եւ փրկուիլ: Մեր դիմաց երկու իրականութիւններ կան՝ ալիքներու վրայ տարուբերող նաւ մը, եւ Յիսուսի խօսքը, որ կ'ըսէ՝ « դուրս ելիր այդ նաւէն եւ քալէ »: Մեզի կը մնայ ընտրել՝ հաւատալ Տէր Յիսուսի խօսքին եւ փրկուիլ. եւ կամ ապահովութիւն փնտռել խախուտ նաւու մը մէջ եւ խեղդուիլ վախի եւ յուսահատութեան ներքեւ:

Ս. Պօղոս առաքեալ խօսելով հաւատքի մասին կը գրէ՝ « հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է ... Հաւատքով կ՚իմանանք թէ աշխարհ Աստուծոյ խօսքովը հաստատուեցաւ» (Եբր. 11:1-3): Հաւատալ կը նշանակէ վստահիլ Աստուծոյ եւ անոր խօսքերուն: Ըստ առաքեալին հաւատքը «հաստատուն» (substance) մըն է, որու վրայ կրնանք մեր «տուները» շինել: Քրիստոս խօսելով Ս. Պետրոսի հաւատքին վրայ ըսաւ՝ « այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս» (Մտթ. 16: 18): Վէմը Ս. Պետրոսն ու իր հաւատքն էր: Այսքան հաստատուն է հաւատքը:

Որպէսզի մենք ալ կարենանք քալել ջուրերու վրայէն, պէտք ունինք շրջանցելու մեր աչքերուն առջեւ եղող անապահով աշխարհը, եւ հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի խօսքին, որ մեզ կը հրաւիրէ դուրս գալու մեր նաւերէն եւ վստահիլ իր պատուիրաններուն: Մեր նաւերէն դուրս գալ կը նշանակէ՝ մեր մտածելակերպը, մեր ապրելակերպն ու նոյնիսկ այն շրջանակը փոխել. բան մը, որ մեզի միշտ վար կը քաշէ: Եբրայեցիներու հեղինակը կը վստահեցնէ մեզի ըսելով՝ «Վասն զի անով առաջինները վկայութիւն ընդունեցին» (Եբր. 11:2): Հաւատքը որու մասին կը խօսինք, փորձուած է հաւատքի նախահայրերու կողմէ: Հետեւաբար մենք ալ անոնց՝ սուրբերուն եւ վկաներուն նման, կրնանք վստահիլ Աստուծոյ խօսքին եւ նման այդ հաւատքի հերոսներուն մենք ալ կրնանք դուրս գալ վախի եւ յուսահատութեան նաւերէն եւ Քրիստոսի հետ քալելով փրկուիլ:

Գրեց՝ Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

«Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական  ծառայութիւն