Ամերիկահայ Սարեաններու շառաւիղ Յակոբ Սարեան օրերս ուրախութեան եւ հպարտանքի պահեր շնորհած է իր հարազատներուն։
Ան աւարտելով համալսարանական ուսումը վկայուած է, որպէս բժիշկ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ամերիկահայ բարերար Մայք Սարեանի էջէն։
Մայք Սարեան, որ հօրեղբայրն է կեանքի նոր ասպարէզ մուտք գործող բժիշկին այս պատեհ առիթով մեկնած է Նիւ Եորք մասնակցելու համար վերջինիս վկայական ստանալու յատուկ արարողութեան։
Այդ առթիւ ալ Սարեան մասնաւորապէս գրառած է «Մենք կը սիրենք քեզ Յակոբ»։
Նշենք, որ Սարեան կը գործէ առողջապահական ոլորտին մէջ եւ ձեռք ձգած է առանցքային յաջողութիւններ եւ այս առումով ալ չի բացառուիր, որ երիտասարդ բժիշկը միանայ անոր ղեկավարած մեծ ընկերութիւններուն։