image

«Կը Պահանջենք ֆրանսական զէնքերու մատակարարումը դէպի Հայաստան». Ֆրանսացի պետական գործիչ

«Կը Պահանջենք ֆրանսական զէնքերու մատակարարումը դէպի Հայաստան». Ֆրանսացի պետական գործիչ

Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէն յայտարարած է Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին պաշտպանական զէնք մատակարարելու անհրաժեշտութեան մասին։

«Կը պահանջեմ անյապաղ բանալ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը կապող Լաչինի միջանցքը եւ արագցնել Ֆրանսայի կողմէ պաշտպանական սպառազինութիւններու մատակարարումը Հայաստան՝ ապահովելու անոր անվտանգութիւնը»,- գրած է Լարշէն Twitter-ի էջին` Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ հանդիպումէն ետք: