image

«Կը դիտարկենք Ղարաբաղի մէջ եղածը եւ պատշաճ կերպով պիտի արձագանգենք».Սամանթա Փաուըր

 «Կը դիտարկենք Ղարաբաղի մէջ եղածը եւ  պատշաճ կերպով   պիտի արձագանգենք».Սամանթա Փաուըր

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ըսած է, որ, հակառակ ամերիկեան կողմին բազմաթիւ  յայտարարութիւններուն, որ Արցախի մէջ զինեալ ուժի կիրարկումը անընդունելի է` այդ ուժը կիրարկուեցաւ, եւ Ատրպէյճան դիմեց լայնածաւալ ռազմական յարձակումի:

Ըստ անոր՝ ներկայիս կը սերտուի,  թէ ինչը կրնայ պատշաճ արձագանգը ըլլալ այդ քայլին։

Ան կարեւոր նկատեց զինադադարի պահպանումը, որպէսզի մարդիկ կարենան դուրս գալ Արցախէն, եթէ այդ իրենց ընտրութիւնն է, եւ իրենց իրաւունքները եւ արժանապատուութիւնը ապահովուած ըլլայ։

Ան չնշեց, թէ ԱՄՆ-ն ինչ գործիքներ կրնայ կիրառել այս հանգամանքներու ծիրէն ներս՝ վստահեցնելով, որ իրենց տրամադրութեան ներքոյ ունին բաւականին գործիքներ: «Ուաշինկթընի մէջ շատ բարձր մակարդակի վրայ քննարկումներ կ'ընթանան, թէ որոնք պէտք է ըլլան համարժէք գործողութիւնները»,-նշած է ան