image

Կողմ են, բայց անդամութեան հետ չեն. Եւրոպական Միութիւնը ՝ Ուքրանիոյ մասին

Կողմ են, բայց   անդամութեան հետ չեն. Եւրոպական Միութիւնը ՝ Ուքրանիոյ մասին

Եւրոմիութեան պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները, Վերսայի մէջ քննարկելով Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, համերաշխութիւն եւ աջակցութիւն յայտնած են այդ երկրին, սակայն որոշում չեն ընդունած Քիեւին ԵՄ-ին  անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տալու մասին:

Ինչպէս կ'ըսուի գագաթաժողովի ամփոփիչ յայտարարութեան մէջ, ԵՄ-ն պիտի շարունակէ ամրապնդել կապերը Ուքրանիոյ հետ, որ կը «պատկանի եւրոպական ընտանիքին»:

Սակայն, ըստ Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռիւթէի, Պրիւքսէլէն ամիսներ եւ տարիներ կը պահանջուին ԵՄ-ին անդամակցելու վերաբերեալ Քիեւի դիմումի քննարկման համար: 

Ինչպէս կ'ըսուի գագաթաժողովի յայտարարութեան մէջ, ԵՄ խորհուրդը յանձնարարած է Եւրոյանձնաժողովին գնահատական ներկայացնել ԵՄ-ին անդամակցելու Քիեւի դիմումին վերաբերեալ: Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի նաեւ, որ ԵՄ խորհուրդը Եւրոյանձնաժողովին խնդրած է գնահատել Վրաստանի եւ Մոլտովայի դիմումները, որոնք, հետեւելով Ուքրանիային, խնդրած են միանալ ԵՄ-ին:

ԵՄ առաջնորդները նաեւ խոստացած են մեծցնել ճնշումը Ռուսաստանի եւ Պելառուսիոյ վրայ եւ յայտարարած են Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութեան պատճառով հետագայ պատժամիջոցներ կիրառելու պատրաստակամութեան մասին: