image
Հրատապ լուրեր:

«Կրթական ռազմավարութիւն եւ նորարարութիւն». Դոկտ. Երուանդ Զօրեան խօսեցաւ «Ազդակ»ի առցանց լսարանին

«Կրթական  ռազմավարութիւն եւ նորարարութիւն». Դոկտ. Երուանդ Զօրեան խօսեցաւ «Ազդակ»ի  առցանց լսարանին

 Պէյրութի «Ազդակ»էն կը  կարդանք՝ 

«Ազդակ»-ի  48-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 28 ապրիլին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Դասախօսեց «Արմինիըն վըրչուըլ քոլեճ»-ի եւ «Սինոփսիս Արմինա»-ի հիմնադիր դոկտ. Երուանդ Զօրեան, նիւթ` «Ցանցային համակարգի մարտահրաւէրներն ու հայկական տեղեկագիտութիւնը` 21-րդ դարուն»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը նիւթը բաժնած էր հիմնական երեք ուղղութեան`

Ա.- Արհեստագիտութիւն

Բ.- Հաղորդակցութիւն

Գ.- Կրթութիւն

Դոկտ. Զօրեան խօսեցաւ ներկայ տեղեկագիտական ճարտարագիտութեան յատկանիշներուն մասին` շեշտելով, որ անփոփոխ բաժինը ներկայ գործընթացներուն մէջ  յարափոփոխութիւնն է, նորարարութեան յարատեւութիւնը:

Դասախօսը արհեստական բանականութեան  այսօրուան սլացքին հետ կապուած մանրամասնութիւններ փոխանցեց գիտամատչելի եղանակներով` տուեալներով յագեցած: Այս շրջածիրին մէջ ինքնավար մեքենաներու (ինքնաշարժներու) բանեցման համակարգին մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցելով` դոկտ. Զօրեան կեդրոնացաւ չիփերու խտացման ուղղութեան վրայ, ծաւալի փոքրացման եւ տեղեկութիններու բազմապատկման  առումներով:

Հեռահաղորդակցութիւնը կարեւոր բաժին էր դասախօսութեան մէջ: Մամուլ հասկացողութեան ձեւափոխման հոլովոյթի հակիրճ ներկայացումէն ետք դոկտ. Երուանդ Զօրեան խօսեցաւ փոխներգործօնութեան, մարդ անհատի  մամուլի մաս կազմելու այսօրուան իրականութեան եւ ընդհանրապէս վիրթուալ իրականութեան այսօրուան դրութեան մասին:

Հայկական գետնի վրայ դասախօսը երեք կարեւոր իրականացումի մասին խօսեցաւ` Հայ Քոնեքթ , Արմինիըն վրըչուըլ քոլեճ  եւ հայ գիտնականներ ու հայկական գիտական ընկերութիւններ համախմբող Արմինիըն վըրչուըլ Պրիճ :

Դոկտ. Զօրեան դասխօսութեան աւարտին անդրադարձաւ այս մարզին մէջ հետագայ ուղղութեան մասին` «Խելացի ակնոցներով»  վըրչուըլ աշխարհ տեղափոխուիլ եւ այդ բոլորին մէջ շեշտեց հայկական կրթութեան մէջ օգտագործելու հրամայականը:

Դասախօսութեան հետեւեցաւ քննարկում:

Շահեկան դասախօսութիւնը ամբողջութեամբ տեղադրուած է  «Ազդակ»-ի լսարանի եութուպեան ալիքին վրայ: