image

Կրակոց Երեւանի մէջ. Կայ մէկ վիրաւոր

Կրակոց Երեւանի մէջ. Կայ մէկ վիրաւոր

15 օգոստոսին արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Արագածոտնի մարզին մէջ։ ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Աշտարակի բաժին զանգահարած են «Աշտարակ» բժշկական կեդրոնէն եւ յայտնած, որ «ձախ ուսայօդի շրջանի հիւսուածքներու գնդակային կոյր վիրաւորում» ախտորոշմամբ իրենց մօտ բուժօգնութեան դիմած է քաղաքացի մը, որ չէ յայտնած, թէ ինչ պայմաններով ստացած է վնասուածքը:

Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, պարզուած է, որ բուժօգնութեան տեղափոխուածը Արագածոտնի մարզի բնակիչ 29-ամեայ Դաւիթ Շ․-ն է։ Պարզուած է նաեւ, որ Դաւիթ Շ․-ն նշուած հրազէնային վնասուածքը ստացած է 13 օգոստոսին ժամը 20։30-էն մինչեւ ժամը 21։30-ի ժամանակամիջոցին, Երեւան քաղաքի Սիլիկեան թաղամասին մէջ, անյայտ անձի կողմէ:

Դէպքի փաստով ոստիկանութեան Աշտարակի բաժինին մէջ ձեւակերպուած են փաստաթուղթեր, որոնք փոխանցուած են ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Աջափնեակ եւ Դաւթաշէն վարչական շրջաններու քննչական բաժին: