image

Կլիմայական եղանակը պատճառ հանդիսացած է, որ Վրաստանի համապետական ճանապարհներ փակուին

Կլիմայական եղանակը պատճառ հանդիսացած է, որ Վրաստանի համապետական ճանապարհներ փակուին

Առատ ձիւնի պատճառով Վրաստանի Տարածաշրջանային զարգացման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ճանապարհներու բաժինը որոշած է փակել դէպի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմաններ տանող ճանապարհները կցորդով եւ կիսակցորդով մեքենաներու համար։ Այս մասին, ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ, յայտնած է գերատեսչութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Առատ ձիւնի եւ մերկասառոյցի պատճառով Խաշուրի-Ախալցխա-Վալէ (Թուրքիոյ հետ սահման) եւ Ախալցխա - Նինոծմինդա (Հայաստանի հետ սահման) միջազգային ճանապարհներուն արգիլուած է կցորդներու եւ կիսակցորդներու շարժումը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ճանապարհներու բաժնէն աւելցուցած են, որ 30 եւ աւելի մարդ տարողութեամբ փոխադրային միջոցներուն նոյնպէս կ՚արգիլուի երթեւեկել մայրուղիներով, իսկ միւս փոխադային միջոցներուն կը թոյլատրուի երթեւեկել մայրուղիներով։