image

Կլենտէյլ պիտի օժանդակէ Արցախի Մարտունի քաղաքին

Կլենտէյլ  պիտի օժանդակէ Արցախի Մարտունի քաղաքին

Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը Երեքշաբթի, 29 Օգոստոսին որոշեց մարդասիրական աջակցութիւն առաքել Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի քաղաքին, որուն բնակչութիւնը Դեկտեմբերէն իր վեր ճգնաժամի մատնուած է Ատրպէյճանի պարտադրած ապօրինի շրջափակումին պատճառով։

10 Օգոստոսին, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութենէն ստացած էր դիմում մը՝ Մարտունիին օժանդակութիւն առաքելու խնդրանքով, նկատի ունենալով, որ Կլենտէյլի եւ Մարտունիի միջեւ քոյր քաղաքներու յարաբերութիւններ հաստատուած է:

Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը պիտի դիմէ շարք մը դրամահաւաքի միջոցառումներու՝ համագործակցելով համայնքային կազմակերպութիւններու հետ, Մարտունիին խոստացուած աջակցութիւնը կարելի եղածին չափ արագ առաքելու նպատակով։

Կլենտէյլի քաղաքապետ Տէն Պրոթմըն կը յայտնէ, թէ հայահոծ բնակչութիւն ունեցող Կլենտէյլ քաղաքը զօրաւոր կապեր ունի Հայաստանի եւ Արցախի հետ՝ աւելցնելով, որ Մարտունիին աջակցելու որոշումը մաս կը կազմէ Արցախի մէջ ցեղային զտում իրականացնելու՝ Պաքուի նպատակը ձախողութեան մատնելու աշխատանքներուն։