image
Հրատապ լուրեր:

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (28)

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (28)

1. Մերին Պոլիսը 

Նորոգ հանգուցեալ` հայրենի համակրելի բանաստեղծ Արմէն Շէկոյեան ունէր գողտրիկ  բանաստեղծութիւն մը, ուր ցոյց կու տար կանուխ արթննալու բարիքները. այսպէս՝ կատուն կանուխ կ’արթննայ ու կը բռնէ մուկ մը, շունը կանուխ կ’արթննայ ու կը գտնէ ոսկոր մը, ձկնորսը կանուխ կ’արթննայ ու կ’որսայ ձուկ մը...  եւ  այսպէս  շարունակ: Ի վերջ բանիս ան կը թելադրէ ընթերցողին, որ իր կարգին կանուխ արթննայ՝ խոստանալով անոր... անվրէպ ու ստոյգ անակնկալ մը: 

Ես ալ լաւ բան մը գտնելու յոյսով  ընդհանրապէս կը բանամ պոլսահայ մամուլը, որ, փառք Աստուծոյ,  բնաւ չի յուսախաբեր եւ ձեռնունայն չի ձգեր զիս, այլ միշտ  կը վարձատրէ նորանոր գիտելիքներով, որոնք այսքան տարի ինծի զլացուած եղած են երկրաւոր կեանքիս մէջ:

Եւ հիմա կը բաժնեկցիմ զանոնք ձեզի հետ:

***Դուք բնաւ մատաղ կերա՞ծ էք... ես չեմ կերած:

Ատենօք, երբ եկեղեցին շապիկ կը հագնէի, դպրաց դասը միահամուռ  կը սպասէր, որ մատաղ տեղի ունենար, եւ հրաւիրուէինք ուխտ ընողին տունը՝ հերիսայ ուտելու: Ես չէի հանդուրժեր անոր համը,− մինչեւ հիմա ալ չեմ հանդուրժեր,− եւ ճիշդ հակառակը՝ այնպիսի՜ կիրքով մը ընկերներս, քահանային ու դպրապետին հետ մրցելով, կը լափէին լոյծ զանգուածը:

Սակայն ուտելու սկսելէ առաջ կար տաղտկալի արարողութիւն մը.  քահանան ձայնի ու շարժումներու   աշխուժ զուգորդութեամբ կ’օրհնէր լեցուն ամանները՝ նախքան անոնց վրայ տրուելիք  գրոհը: Ես մինչեւ հիմա ալ չէի գիտեր, թէ կ’օրհնուէր նաեւ այդ հերիսային մէջ դրուած ա՛ղը:

Այս բոլորը նոր-նոր իմացայ՝ կարդալով պոլսահայ մամուլը՝  մեր ուսուցչապետին՝ Ռոպեր Հատտէճեանի գրիչին տակ,  ուր կը յիշուի օրհնէքներու երկար շարք մը՝ «խաղողօրհնէք, մատաղօրհնէք, աղօրհնէք   եւ  հերիսաօրհնէք»:

***Նոյն գրիչին տակէն կը սորվիմ ուրիշ բաներ եւս. օրինակ՝  «Համակիրները խսիրէ ճերմակ գլխարկ մը կը հագնին»:

Այս ալ չէի գիտեր. այսինքն՝ չէի գիտեր, թէ գլխարկը կը... հագնուի:

***Պոլսահայ կարկառուն ազգային մը մահացած է, եւ «Մարմարա» կը սգայ այդ կորուստը.  ահա իր բառերը. «Կաղնի մը եւս շիջեցաւ» (30-6-21):

Կը պատկերացնէ՞ք շիջող... կաղնի մը. է՜հ, ի՞նչ գիտնաս.  օրին որքա՜ն բռնկած պէտք է ըլլայ  ան,− թերեւս կայծակի պատճառով,− որ հիմա մարդիկ սգան անոր շիջումը:  

Մինչ մեր գիտցած  աւանդական կաղնիները շատ-շատ կը տապալէին:

***«Վերջին շրջանին ան դարմանում մը տեսած էր ս. Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ»,-- կը կարդամ նոյն  Մարմարա»-ին մէջ, որ կ’ակնարկէ այդ նոյն ազգայինին:

Հոն ուր մենք աւանդաբար կը գտնենք, կ’արժանանանք, կ’ենթարկուինք, պոլսահայը, ուրեմն,  իր սուր աչքերով ... կը տեսնէ ՜՜՜  դարմանումը:

***«Մարմարա» ընթերցողներուն վերապահած է ուրիշ  անակնկալներ եւս,   որ  ահաւասիկ.  «1958-ին լոյս տեսած էր Փարաճանովի  որդին՝  Սուրէնը»  (30-9-21):

Մեքենաբար հարց տուի ես ինծի՝ արդեօք   ի՛նչ տպաքանակով, երբ  իսկոյն անդրադարձայ,  թէ լոյս տեսնողը Փարաճանովի  տղան  է...

Այս ալ այսպէս:

 

2. Ենովք Արմէն

Այս անունը կը կրէր Եղեռնի նախօրեակին պոլսահայ  հրապարակին վրայ ամենաբարձր աղմկող մարդը: Իր կեանքի 84 տարիներուն (1883−1968) ոչ մէկ վայրկեանը հանգիստ նստած է ան. խմբագրած է ութ-տասը թերթ, գրած ու հրատարակած է ութ-տասը հատոր գիրք,− որոնց ոչ մէկը կը կարդացուի այսօր,−  ըրած է թարգմանութիւններ, մասնակցած է  ազգային-հասարակական բոլոր գզուըռտուքներուն, կռուած է քիչ մը բոլորին հետ անխտիր, հրապարակաւ  «պոռնկագիր»  կոչած է Դանիէլ Վարուժանը, քանի մը քար ալ նետած է Միսաք Մեծարենցի պարտէզը, հուսկ գաղթած Մարսէյ,  ուր   բացած է տպարան մըն ալ ու այնտեղ ալ մահացած է, ինչպէս կ’ըսեն՝ «սուրը  միշտ ձեռքին», պայքարելով  եւ կռուելով շրջապատին՝ ազգայիններուն եւ Ազգային իշխանութեան դէմ անխտիր:

Կարելի է եզրակացնել՝ ըստ ամենայնի  անուն մը, որ իր ետեւէն ոչ մէկ լացող կամ ափսոսացող, ոչ իսկ...  յիշող ունեցած է: Հակառակը... աւելի ճիշդ է:

Բայց ահա վերջերս պատահմամբ ձեռքս անցաւ իր պատմուածքներու մէկ հատորը՝ «Կինը», գրուած 1906-ին, ուրեմն  երբ տակաւին  23  տարեկան էր:

Այս շատ միջակ, չըսելու համար անարժէք հատորը, սակայն,  ուշադրութիւնս գրաւեց  ինքնահնար բառերու բաւական ճոխ շարքով մը,  չհաշուած լեզուական այլ իւրայատկութիւններ, որոնք  խոտոր կը համեմատին... հեղինակին կերպարին ու վարկին  հետ. պարզապէս չես ակնկալեր, որ ան կրնար լեզուական այդքան  ճաշակ,  երեւակայութիւն ու ինքնուրոյնութիւն ունենալ: 

Սխալ չէ ըսուած՝ Աստուած մարդուս հոգին հանէ, անունը չհանէ:

Ստորեւ կը յամենամ անոնցմէ մէկ քանիին վրայ, որոնք կը գտնուին առաջին պատմուածքին մէջ, այսինքն՝ էջեր 1−29:

***ճլտորում (էջ 8) – քանի մը անգամ գործածած է. ճշտորիլ կը նշանակէ աճիլ, մէջտեղ գալ, հիւանդութենէ մը ապաքինիլ, առողջանալ: Արեւմտահայերէն միայն Ճիզմեճեան եւ Տէր Խաչատուրեան ունին զայն՝ իբրեւ կազդուրուիլ:

***Ճաշակցութիւն (էջ 17)  −  որ է սեղանակցութիւն, միատեղ ճաշելը: Գայայեան եւ Տէր Խաչատուրեան  ունին ճաշակից, Ճիզմեճեան՝ սեղանակից:

***խելայեղել (էջ 28) – խելահան ընել, խենթացնել: Գայայեան եւ Տէր Խաչատուրեան ունին խելայեղ եւ խելայեղութիւն, Ճիզմեճեան եւ Կռանեան՝ միայն խելայեղ:  Ոչ մէկը ունի այնքան գեղեցիկ  խելայեղել բայը:

***վերկենցաղում (էջ 25) – վերադարձ դէպի կեանքը, կեանքի հաճոյքները: Ոչ մէկ արեւմտահայ բառարանագիր ունի զայն:

***ահաբեկիլ (էջ 24) −  Գայայեան ունի ահաբեկ, Կռանեան՝ ահաբեկում, ահաբեկիչ, ահաբեկչութիւն, միայն Ճիզմեճեան ունի ահաբեկել բայը: Ահաբեկիլ չէզոք բայը ոչ մէկը ունի:

***լուսաւէտիլ (էջ11) −  լուսաւորուիլ, լոյսով օժտուիլ: Ճիզմեճեան, Տէր Խաչատուրեան, Կռանեան ունին լուսաւէտ, սակայն ոչ մէկը ունի լուսաւէտիլ բայը:

***պարտէզին խիճուտ շրջեզերքը (էջ 20) – կ’ակնարկուի խիճերով սարքուած ցածուկ ցանկապատի: Զոյգ եզրերէն ոչ մէկը կը գտնենք մեր բառարաններուն մէջ:  Միայն Տէր Խաչատուրեան ունի շրջեզր բառը՝ իբրեւ շրջանակ, ըսել կ’ուզէ՝ շրջագիծ, ինչ  որ ուրիշ բան է:

***մելամաղձութիւն (երեք անգամ) եւ սեւամաղձութիւն (մէկ անգամ) – երկրորդը առաջինին տեսակ մը թարգմանութիւնն է. մել յունարէն կը նշանակէ սեւ, մելան (μέλαν)՝ սեւ ներկ: Երկուքն ալ կը յղուին յունական մելանխոլիա (μελαγχολία) բառին:

Սեւամաղձութիւն-ը կու գայ դասական հայերէնէն, հետագային յառաջացած է մելամաղձութիւն-ը:

Եզրակացութիւն

Ուրեմն այստեղ կը գտնենք բառամթերք մը, որ շատ հեռու է հետագային լիարժէք  օգտագործուած ըլլալէ, որքան ալ անոնց բացը մինչեւ հիմա ալ զգալի ըլլլայ մեր բարբառին մէջ: Կարելի է միայն երեւակայել, թէ ամբողջ հատորին,− ա՛լ չեմ ըսեր  հեղինակին  բոլոր գործերուն,− ընթերցումը ինչպիսի՛ անակնկալներու առջեւ կրնար դնել մեզ: 

Այդ հոգը կը ձգեմ Լեւոն  Շառոյեանին:   Այլեւ Յակոբ Պալեանին, որ  ազգային-քաղաքական մանուածապատ  վերլուծումներ ընելու  փոխարէն՝ թող քիչ մը փէշերը հաւաքէ եւ այս օգտակար գործով զբաղի  եւ... առանց ճապկումի:

 

Արմենակ Եղիայեան