image

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, օրերս, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահած է կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու աւարտին ալ, Նորին Ամենապատուութեան գահակալութեան Զ. տարեդարձի առթիւ Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդը Ս. Գէորգ Զօրավարի արծաթեայ սրբաքանդակ մը նուիրած են Հոգեւոր Պետին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 11 Յունուար 2026, Կիրակի առաւօտ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Ներկայ էր Նուրան Տավուլճուեանի գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ շնորհաւորեց Սամաթիոյ մեր եկեղեցւոյ եւ թաղեցի ժողովուրդի Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը ու բարեմաղթութիւններ ըրաւ։ Ապա նոր տարիի առթիւ քարոզեց նորութեան գաղափարին մասին Ս. Աւետարանի ուսուցումը։ Յիշեցուց հին հագուստին վրայ նոր կերպասով կարկտան դնելու սխալութիւնը, ապա խօսեցաւ նոր գինին հին տիկերու մէջ դրուելու սխալութեան մասին։ Մեր Հոգեւոր Պետը փոփոխութեան ու նորոգուելու մասին ներկաներու ուշադրութիւն հրաւիրեց այն պարագային վրայ, որ եթէ կեանքի մէջ նոր բան մը ընել կ'ուզուի, պէտք է տեղ բացուի այդ նորութեան։ Հակառակ պարագային՝ նոր բանը չի կրնար տեղ գտնել իրեն։ Նոր բանի համար նոր կենցաղ պէտք է։

Եկեղեցական հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ։ Արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Այստեղ կարկանդակով նշուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան գահակալութեան Զ. տարեդարձը, որու առթիւ Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդը Ս. Գէորգ Զօրավարի արծաթեայ սրբաքանդակ մը նուիրեց մեր Հոգեւոր Պետին։