image

Կիպրոսի մէջ. Պերճ Ճուրեանի մահը

 Կիպրոսի մէջ. Պերճ Ճուրեանի մահը

Օրերս Կիպրոսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բնիկ պէյրութահայ՝ Պերճ Ճուրեանը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 

 Հանգուցեալը եղած է Պէյրութի (Ծնեալ 1946-ին) Մխիթարեան վարժարանի սաներէն եւ կրթութիւնը ստանալէն ետք ան բարձրագոյն ուսումը շարունակելով վկայուած է, որպէս ճարտարապետ։

 Տարբեր պայմաններու բերումով Պերճ Ճուրեան կ՚արտագաղթէ Կիպրոս ուր եւ ընտանիք կը կազմէ ամուսնանալով  Մարի Լու Մանաւճեանին հետ 1984-ին։

 Հայկական շունչով ու ոգիով կերտուած անոնց ընտանիքը կը բախտաւորուի երկու զաւակները՝ ԹՃ եւ Թալին, որոնք յար եւ նման իրենց ծնողներուն կը ստանան բարձրագոյն կրթութիւն ու նաեւ կը մասնակցին իրենց ապրած հայագաղութներու կեանքին։

Հանդարտաբարոյ, ընտանիքին եւ հարազատներուն նուիրուած հանգուցեալը եղած է հոգատար հայր եւ իր ամբողջական ճիգերով կարողացած է լաւագոյնս դաստիարակել եւ լաւ դիրքերու հասցնել իր զաւակները։

անգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Նիկոսիոյ հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ։

 

 Մեր խորին ցաւակցութիւնները։