image

Խմբագրական «Պայքար»ի. Հայ-թրքական յարաբերութեանց բարելաւման ազդանշանը. Որոնք ե՞ն շահառումները

Խմբագրական «Պայքար»ի.  Հայ-թրքական  յարաբերութեանց  բարելաւման ազդանշանը. Որոնք ե՞ն շահառումները

Տակաւին մինչեւ երէկ Թուրքիոյ նախագահը` Ռեճեպ Թայյիպ Էրտողան հայերը կը կոչէր ՙսուրի աւելցուքներ՚ եւ կ'ոգեկոչէր Էնվեր փաշան որ հայկական ցեղասպանութեան երեք պատասխանատուներէն մէկն էր. եւ խօսքը Հայաստանին ուղղելով կու տար մօտաւորապէս հետեւեալ պատգամը որ մինչեւ որ Երեւանը չխելամտի` պէտք չէ յոյս ունենայ որ կրնայ վերջ գտնել շրջափակումը: Աւելին ըլլալով` Հայաստանէն զիջումներ կը պահանջէր, ի նպաստ Ատրպէյճանի. իբրեւ նախապայման սահմանները բանալու:

Այս բոլոր նախապայմանները, միացած Էրտողանի եւ Ալիեւի ամբարտաւան յայտարարութեանց, անհաւանական եւ անհեռանկար ընծայած էին հայ-թուրք յարաբերութեանց բարելաւումը:

Սակայն, վերջին քանի մը շաբաթներուն քաղաքական կացութիւնը ամբողջական յեղաշրջում մը արձանագրեց եւ դէպքերը սկսան արագընթաց թափ մը ստանալ: Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեան եւ Ալիեւ յանգեցան գործնական համաձայնութեան երկաթուղագիծը բանալու եւ Հայաստանին ի նպաստ` Հայաստանի ինքնիշխանութեան պահպանումով: Միւս կողմէ Մեվլուտ Չաւուշօղլու կը յայտարարէ թէ արդէն Երեւան եւ Թուրքիա բանագնացներ նշանակած են յարաբերութեանց վերահաստատման գործընթացը սկսելու եւ օդային չարթըրի թռիչքներ փոխանակելու: Եւ արդէն ցարդ ցուցադրաբար բացայայտուած նախկին պայմանները չեն յիշատակուիր, գոնէ պաշտօնական յայտարարութեանց մէջ:

Կրնան այս բոլոր զարգացումները զարմանալի թուիլ, ու նոյնիսկ կարգ մը  միամիտներ տարուին մտածելու թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան հոգեփոխուա՞ծ են եւ կ'ուզեն բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ:

Իրականութիւնը այն է որ Էրտողանի վարած ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը յանգեցաւ իր առաձգական վախճանի վերջաւորութեան` ծայր տալով ներքին ու արտաքին քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներու: Թուրքիոյ դաշնակիցներու եւ բարեկամներու ճնշումներն ու խորհուրդները ի վերջոյ գործնապէս անդրադարձան նախագահ Էրտողանի քաղաքականութեան վրայ եւ ան յայտնօրէն տեսաւ թէ իր սրարշաւ ընթացքը դէպի 2023ի ընտրութիւնները կրնայ իր ակնկալութիւններէն տարբեր ելք մը ունենալ:

Ուրեմն, Հայաստանի ուղղութեամբ երկարած ձիթենի ճիւղը անպայմանօրէն արդիւնքը չէ Երեւանի վարած արդիւնաւէտ դիւանագիտութեան, այլ թելադրուած է Թուրքիոյ գլխուն վրայ ծանրացող տագնապներէն: Այսուհանդերձ, թող զարմանալի չթուի – Հայաստանը Թուրքիոյ նկատմամբ սակարկութեան աւելի բարենպաստ վիճակին մէջ է այսօր քան էր պատերազմէն առաջ: Հայաստանի բարելաւուած դիրքին գործօնը Թուրքիոյ տկարութիւնն է: Հետեւաբար Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է այդ իրավիճակի գիտակցութեամբ մտնեն բանակցութեան:

Ոյժերու համեմատութիւնը նկատի ունենալով` ճիշդ է թէ Հայաստան իր կամքը չի կրնար պարտադրել Թուրքիոյ, բայց միւս կողմէ ծանրացնելով Թուրքիոյ հետ սակարկութեան գինը` կրնայ խնդրոյ առարկայ դարձնել Անքարայի յանձնառութիւնները Արեւմուտքի նկատմամբ:

Օրինակ, Պլումպերկ գործակալութիւնը կը հաղորդէ որ Թուրքիոյ անակնկալ քայլը` յարաբերութիւնները բարելաւելու Հայաստանի հետ, ուղղակի առնչուած է Ամերիկայի թելադրանքին, քանի որ տեղի ունեցած է խօսակցութիւն անցեալ  Հոկտեմբերին երբ նախագահներ Պայտըն եւ Էրտողան հանդիպեցան Հռոմի մէջ: Պլումպերկ նոյնքան համոզուած է որ ՙբնականացնելով իր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ Անքարա կրնայ բարելաւել իր յարաբերութիւնները Ուաշինկթընի հետ, որոնք լարուած էին Թուրքիոյ կողմէ գնուած ռուսական պաշտպանական հրթիռներու պատճառով՚: Աւելի անդին Պլումպերկի հաղորդագրութիւնը կ'աւելցնէ ՙԷրտողան կրնայ ձեռք ձգել կարեւոր տնտեսական շահեր արտաքին քաղաքականութեան այդպիսի փոփոխութիւններով որոնք այլապէս կրնան սղաճի (inflation) հետեւանքով վտանգել իր ժողովրդականութիւնը 2023ի ընտրութիւններու նախօրէին՚:

Տնտեսական տագնապը արդէն սկսած է իր ծանր հետեւանքները ունենալ ներքին քաղաքականութեան վրայ: Էրտողանի նախկին արտաքին գործոց նախարարը Ահմէտ Տաւուտօղլու արդէն տարի մը առաջ զգուշացուցած էր որ նախագահին քաղաքականութիւնը սնանկութեան կ'առաջնորդէ երկիրը: Արդարեւ, սղաճը բարձրացած է 17.50 տոկոսի եւ վերջին տարուան ընթացքին թրքական լիրան 42 տոկոսի անկում կրած է ամերիկեան տոլարին նկատմամբ:

Թուրք լրագրող Պուրաք Պեքիլ, գրելով ամերիկեան Gatestone Institute-ի հրատարակութեան մէջ կ'ըսէ. ՙԷրտողան ուղղուած է արագօրէն դառնալու զոհը իր իսկ կատարած սխալ հաշուարկութեան – ահաւոր կերպով ղեկավարւած ձախաւեր տնտեսութիւն եւ ռազմավարական մարտահրաւէրներ որոնք գերազանցեցին Թուրքիոյ քաղաքական եւ ռազմական կարողութիւնները՚:

Հայաստանը միակ երկիրը չէ որուն հետ կ'ուզէ Թուրքիա բարելաւել իր յարաբերութիւնները: Դարձեալ Տաւուտօղլուի շրջանին Թուրքիա յայտարարած էր որ զերօ խնդիրներ պիտի ունենայ իր հարեւան երկիրներուն հետ, սակայն, մնաց զերօ երկիր որուն հետ խնդիր չունեցաւ Անքարան: Հետեւաբար այսօր Թուրքիոյ բարիկամեցողութեան արշաւը ուղղուած է շրջանի բոլոր երկիրներուն, որոնց հետ ճակատումի մտած է ան: Այդ պատճառաւ ալ Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուած հաշտուողականութիւնը պէտք է դիտել քաղաքական զարգացումներու այս համադրութեան մէջ:

Օրինակ Ատրպէյճան, ոգեւորուած Հայաստանի դէմ տարած իր յաղթանակէն եւ գօտեպնդուած Թուրքիոյ նեցուկէն, սկսած էր ռազմաշունչ քաղաքականութիւն մը վարել Իրանի դէմ եւ քիչ էր մնացած որ ռազմական բախումի մէջ մտնէր այդ երկրին հետ: Սակայն, Անքարա հասկցուց Պաքուին թէ ի վիճակի չէր միեւնոյն օժանդակութիւնը ընծայելու Էրտողանի իշխանութեան, մանաւանդ որ Իրանն ալ իր հզօրութեամբ գերադաս էր Հայաստանի զինոյժէն: Հետեւանքը այն եղաւ որ Պաքու-Թեհրան կտրուկ կերպով բարելաւեցին յարաբերութիւնները:

Թուրքիա բանակցութեանց սկսած է Եգիպտոսի հետ, բարելաւելու իր լարուած յարաբերութիւնները այդ երկրին հետ: Այդ յարաբերութիւնները սրած էին երեք պատճառներով – Անքարա նեցուկ կը կանգնէր Իսլամ Եղբայրներուն որոնք ահաբեկիչ նկատուած են Եգիպտոսի մէջ: Երկրորդը` Թուրքիա մրցումի ելած էր Եգիպտոսի հետ իբրեւ սիւննի աշխարհի դրօշակակիր եւ երրորդ` ուղղակի ռազմական ճակատումի մէջ էր Լիպիոյ մէջ, եգիպտական ոյժերու դէմ:

Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիւններու սրումէն ատեն մը օգտուեցանք հայերս, որովհետեւ Եգիպտոս սկսաւ բանալ օսմաեան շրջանի խժդժութիւններու արխիւները եւ նոյնիսկ խորհրդարանին առջեւ դրաւ ցեղասպանութեան ճանաչումի խնդիրը:

Միւս կողմէ Անքարա կը փորձէ մերձենալ Իսրայէլի: Այս վերջինը իր ոյժով ի վիճակի է դժուարացնելու Անքարայի ցանկութիւնները եւ, կը դժուարացնէ ալ: Այն շրջանին երբ Իսրայէլ մեկուսացած էր իսլամական աշխարհին մէջ, Թուրքիա հանդիսացաւ միակ իսլամ երկիրը որ գործակցեցաւ Իսրայէլի հետ, Արեւմուտքի ճնշումով: Սակայն, այսօր Իսրայէլ դիւանագիտական կապեր հաստատած է Եգիպտոսի, Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Մարոքի հետ, եւ գործնական կապերու մէջ է Սէուտական Արաբիոյ հետ: Ուրեմն, այնքան ալ հեշտ պիտի չըլլայ այդ մերձեցումը: Անքարան պիտի հրաժարի պաղեստինեան դատի դրօշակակիրը ըլլալէ եւ վտարէ իր երկրէն Համասի ղեկավարները, վերստին շահելու համար իսրայէլեան իշխանութեանց վստահութիւնը:

Երբ այսօր Ամերիկայի նախագահը Պայտըն կը քաջալերէ Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու, Անքարայի ձեռքէն կը խլուի այլ լծակ մը եւս. արդարեւ, անցեալին, երբ Թուրքիա կը ճնշէր Հայաստանի վըրայ` կը փորձէր վարկանիշներ ապահովել Արեւմուտքէն Կովկասի մէջ ռուսական միջնաբերդ մը հարւածած ըլլալուն համար:

Սկսելու համար գործընթացը Թուրքիա իբրեւ բանագնաց նշանակած է իր ամէնէն փորձառու դիւանագէտներէն մէկը` Սերտար Քըլըճը: Հետաքրքրական է տեսնել թէ ո՞վ պիտի նշանակուի անոր դիմաց բանակցողը Հայաստանէն: Որքան որ ալ հաճելի չըլլայ հայերուս համար ընդունիլ` թուրքերը ունին փայլուն դիւանագիտութիւն, քաղաքական աշխարհի բարդ իրավիճակներուն մէջ կայսերական յաւակնութիւններ սնուցանելու:

Միւս կողմէ Հայաստանի նոր իշխանաւորներուն անփորձութիւնը կը մրցի իրենց յաւակնութիւններուն եւ ամբարտաւանութեան հետ: Դիւանագիտութեան մէջ բոպիկ ըլլալով հանդերձ` կը մերժեն օգտագործել Հայաստանի դիւանագիտական ներոյժը, նեղմիտ սահմանագիծեր հաստատելով հիներու եւ նորերու միջեւ: Թուրքիա այսօր պարտադրաբար կը զիջի Հայաստանի հետ բանակցութեան նստելու, եւ գիտակից է թէ ներկայ իրավիճակին մէջ անանցելի պայմաններ դնելը կրնայ ձախողցնել բանակցութեանց գործընթացը:

Ի դէպ, երբ մինչեւ այսօր պայմաններ կը դնէր Հայաստանի դիմաց, այդ պայմանները այնքան ալ կենսական չէին Անքարայի համար: Անոնք կենաց-մահու բնոյթը չունէին. այլ պարզապէս կ'առաջնորդուէին` սակարկելու սահմանները դժուարացնելու Հայաստանի համար:

Այսօր Հայաստան ձեռնունայն կը մօտենայ բանակցութեանց սեղանին, երբ կը յայտարարէ թէ կ'ուզէ առանց նախապայմաններու բանակցիլ: 

Ընդհակառակն Հայաստան պէտք է իր նախապայմաններով նստի բանակցութեան, որքան ալ իր նախապայմաններէն ոմանք անիրապաշտ թուին ըլլալ:

Առաջին նախապայմանը ցեղասպանութեան ճանաչման հարցն է. երկրորդը` 1921ի Կարսի պայմանագրի վերաքննութիւնն է` ներկայ սահմաններու ապօրինի հիմքը մատնանշելու համար: Երրորդը` Թուրքիոյ մէջ բռնագրաւուած համայնքային կալուածներու վերադարձն է: Թուրքերը, բնականաբար հեշտութեամբ զիջողութեան պիտի չերթան սակայն միջազգային հասարակութեան դիմաց հրապարակուած պիտի ըլլան հայոց դէմ գործուած անիրաւութիւնները: Այլապէս թուրքերը իրենց հզօր միջոցներով կրնան մինչեւ անգամ հայերը յանցաւոր հանել ցեղասպանութեան խնդրին մէջ:

Թուրքիա շատ հաւանաբար զիջում պիտի չկատարէ ցեղասպանութեան հարցին մէջ. սակայն նախագահ Էրտողան արդէն նախընթաց մը ստեղծած եղաւ Ապրիլ 24ի առիթով քանիցս ցաւակցութիւն յայտնած ըլլալով հայ համայնքին: Կրնայ քայլ մը առաջ երթալ եւ գոհանալ նոր տարազով մը:

Հայերս մեծ իրաւունքներ ունինք Թուրքիոյ նկատմամբ սակայն շատ սահմանափակ տուեալներ` սակարկութեան: Մեր ամէնէն հզօր զէնքը ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրն է: Չթերգնահատենք` երբ տարբեր երկիրներ ճանաչում կը շնորհեն ցեղասպանութեան խնդրին: Եթէ այդ ճանաչումը աննշան տուեալ մը ըլլար` թուրքերը այնքան պիտի չահաբեկէին եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չվտանգէին, ամէն անգամ որ տուեալ երկիր մը կը ճանչնայ ցեղասպանութիւնը:

Բանակցութեան սեղանին շուրջ Հայաստանն ալ իր պայմանները պիտի ունենայ` Թուրքիոյ ընելիք զիջումներուն դիմաց` զիջումի հնարաւորութիւն ունենալու երբ նոր եւ վտանգաւոր ժամանակաշրջանի եւ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի Հայաստանը այսօր:

Անկասկած ապաշրջափակումը կրնայ ընծայել տնտեսական ու քաղաքական բազում առաւելութիւններ: Սակայն ճիշդ պէտք է կատարենք մեր հաշւարկումները եւ մնայուն արժէքները չփոխանակենք ժամանակաւորներու հետ: Գիտակցինք որ թուրքը Հայաստանին բարիք մը ընելու համար չէ որ կը փորձէ յարաբերութիւնները բարելաւել Հայաստանի հետ: Թուրքիան գլխաւոր շահառու պիտի դառնայ դէպքերու այս ընթացքին մէջ: Իր տուածէն ու տալիքէն աւելի առնելիք ունի: Կովկասի մէջ նպաստաւոր փոքրիկ քայլ մը` դուռը պիտի բանայ Ամերիկայի եւ Արեւմուտքի դիմաց իր դիրքերը բարելաւելու: Ճիշդ է որ ատիկա Հայաստանի պարգեւը պիտի չըլլայ Թուրքիոյ, բայց պիտի ըլլայ հատուցումը Թուրքիոյ, իր այս նոր նախաձեռնութեան դիմաց: