image

Խմբագրական «Պայքար»ի. Պատերազմ Հայաստանի սահմաններուն վրայ

Խմբագրական «Պայքար»ի. Պատերազմ Հայաստանի սահմաններուն վրայ

2020 թուականի պատերազմին վէրքերը չբուժուած` Հայաստան կը դիմակայէ նոր պատերազմ մը, միեւնոյն թշնամիին կողմէ: Հայերս չգիտցանք օգտագործել ժամանակի գործօնը եւ գրեթէ երեսուն տարիներ նստանք մեր յաղթանակի խաբկանքին դափնիներուն վրայ` մինչեւ որ Ատրպէյճան զինւեցաւ ամէնէն արդիական զէնքերով եւ անգամ մը որ կարողացաւ հաստատել որ ոյժի հաւասարակշռութիւնը թեքած էր իր կողմը, շղթայազերծեց 44օրեայ պատերազմը, ոչ միայն վերագրաւելու իր կորսնցուցած տարածքերն ու իր յաւակնած հողամասը Արցախի, այլ իր թաթերը երկարեց Հայաստանի ինքնիշխան հողատարածքէն ներս: Սեպտեմբեր 13ին սկսած այս նոր պատերազմը Հայաստանի հողատարածքը գրաւելու դիտաւորութիւնն ունի, եւ Իլհամ Ալիեւ առանց քմծիծաղի, արդէն պաշտօնականացուցած է իր դիտաւորութիւնը:

Այսօր Ատրպէյճանը իրապաշտօրէն ճիշդ կը գնահատէ ժամանակը եւ իր նախաձեռնութիւնները կը վերցնէ այդ վերլուծումներուն հիման վրայ: Ներկայիս Ուքրանիոյ պատերազմը ոչ միայն ներգրաւած է Ռուսաստանի ուշադրութիւնն ու հնարաւորութիւնները, այլ ամբողջ աշխարհի դիւանագիտական շրջանակները, պատեհ առիթ մը ընծայելով նոր պատերազմի եւ մանաւանդ պարապութիւն մը լեցնելու Կովկասի մէջ, ի նպաստ թրքական աշխարհին:

Ատրպէյճանը քանի մը նպատակներով որոշած է նախաձեռնել այս արշաւանքին եւ անոնք այնքան կենսական են Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ կազմուելիք Թուրանական աշխարհին համար, որ սովորական սաստեր եւ սպառնալիքներ բաւարար պիտի չըլլան տարհամոզելու այդ երկրին իշխանաւորները:

Չորս ուղղութիւններով կատարուած արշաւանքը Հայաստանի սահմաններէն ներս, Սօթքի, Ջերմուկի, Վարդենիսի եւ Կապանի ուղղութեամբ, արդէն խլած են աւելի քան 150 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Ատրպէյճանի բարբարոսութեան խորհրդանիշը կը հանդիսանայ նաեւ հայկական բանակի կին զինուորի մը անդամահատումը, որուն վկայութիւնները կը ներկայացուին Հայաստանի կողմէ միջազգային դիտորդներու:

Երբ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարը` Անթոնի Պլինքըն հեռաձայնելով նախագահ Ալիեւին կը թելադրէ որ Ատրպէյճան դուրս բերէ իր նախայարձակ ոյժերը Հայաստանի ինքնիշխան հողի տարածքներէն, ՀԱՊԿ – Հաւաքական Անվտանգութեան Պաշտպանութեան Կազմակերպութիւնը – որուն նախագահութիւնը այս պահուն կը վարէ Հայաստանը – պատուիրակութիւն մը կ'ուղարկէ հայ-ատրպէյճանական բախման սահմանագիծը ՙուսումնասիրելու՚ համար կացութիւնը: Այսինքն, Պր. Պլինքըն գիտէ թէ սահմանը ներխուժում կատարուած է եւ սակայն Հայաստանի կողմէ գլխաւորած մարմինը ստուգելու կարիքը կ'ունենայ տեսնելու համար որ իրապէ՞ս Ատրպէյճան խախտած է Հայաստանի սահմանները:

Այսօր միեւնոյն խեղկատակութիւնը կը պատահի ինչ որ պատահեցաւ 44օրեայ պատերազմին օրերուն: Այդ օրերուն Հայաստանի կատարած դիմումը ՀԱՊԿին մինչեւ այսօր իր պատասխանը չէ ստացած:

Զարմանալի չէ որ մարդիկ Հայաստանի մէջ սկսած են պահանջել որ պէտք է վերջ տրուի այս կատակերգութեան: ՀԱՊԿի մասնակից բոլոր պետութիւնները բացայայտօրէն բարեկամ են Ատրպէյճանին եւ նախորդ պատերազմին ալ փութացին շնորհաւորել Պաքուն իր տարած յաղթանակին համար:

Այդ օրերուն Մոսկուայի անհասկնալի չէզոքութիւնը բացատրուեցաւ անով որ պատերազմը կայացած էր Արցախի եւ գրաւեալ հողերու վրայ եւ հետեւաբար խնդրոյ առարկայ չէր Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, հետեւաբար ՀԱՊԿը եւ Ռուսաստանը դաշնակցային պարտաւորութիւն չունէին զսպելու նախայարձակ Ատրպէյճանը: Սակայն, երբ այսօր արդէն գրաւուած է Հայաստանի մէկ հողամասը ո՞ւր կը մնայ ՀԱՊԿի պարտաւորութիւնը եւ ո՞ւր կը մնայ Ռուսաստանի դաշնակցային պայմանագիրը Հայաստանի հետ: Աւելին, ինչո՞ւ կը պահուի ռուսական 102րդ ռազմախարիսխը Կիւմրիի մէջ եթէ այսօր պաշտպանական դեր մը պիտի չունենայ Հայաստանի նկատմամբ:

Այս պատերազմին կապակցութեամբ Հայաստան պարտական է իր գնահատանքն յայտնելու կարգ մը երկիրներու եւ առաջին հերթին Ֆրանսայի որ այս շրջանին կը վարէ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի նախագահութիւնը եւ այս պատերազմը դրած է Ապահովութեան Խորհուրդի օրակարգին վրայ: Տակաւին պարզ չէ թէ Ապահովութեան Խորհուրդի հինգ գլխաւոր անդամները, որոնք վեթոյի իրաւունք ունին` ի՞նչ կեցուածքներ պիտի ունենան: Ռուսաստանը որ իր ոյժերը չի շարժեր Հայաստանի հողին վրայ, պատրուակելով որ չի փափաքիր երկրորդ ճակատ մը բանալ` արդեօք պիտի գործածէ՞ իր վեթօն Հայաստանի դէմ:

Ամերիկայի պետական քարտուղարը, բացի զգուշացնելէ որ Ատրպէյճան ետ քաշէ իր նախայարձակ ոյժերը, յայտնած է հակամարտող կողմերուն որ գործնապէս մասնակից է Կովկասի իրադարձութիւններուն եւ որոշած է վճռական դեր մը կատարել խաղաղութեան գործընթացին մէջ: Եւ իբրեւ վկայութիւն իր ներգրաւուածութեան Երեւան կը ղրկէ իր քաղաքական ծանր հրետանիներէն Նենսի Փելոսին, որ խօսնակն է ամերիկեան Քոնկրէսին: Այս պահուն տակաւին պարզ չէ թէ ի՛նչ պատգամ կը բերէ Տիկին Փելոսի աշխարհի այս վիրաւոր տարածաշրջանին: Սակայն անոր նախնական յայտարարութիւնը եւ իր պատուիրակութեան կազմը ինքնին հայանպաստ պատասխաններ են Ատրպէյճանին. մանաւանդ այն փաստը որ Փելոսի յատուկ կերպով ընտրած է Հայաստանը եւ պիտի չայցելէ այլ երկիրներ այս օրերուն: 

Այս պատերազմի ընթացքին կորովի կեցուածք ցուցաբերեց նաեւ հսկայ Հնդկաստանը, որուն կապերը սկսած են զօրանալ Հայաստանի հետ: Հնդկաստան կը գտնուի գրեթէ նման խնդրի մը առջեւ, ուր կը գտնուի Հայաստան Արցախի հարցով: Արդարեւ, ան հակամարտութեան մէջ է Փաքիստանի հետ, որուն օդաչուները մասնակցեցան 44օրեայ պատերազմին Ատրպէյճանի ոյժերու կողքին: ՄԱԿի բոլոր քուէարկութեանց ընթացքին Հայաստան իր պատասխան դիրքով հանդէս կու գայ Քաշմիրի հարցով քուէարկելով ի նպաստ Հնդկաստանի: Նաեւ, այս օրերուն Հայաստան բանակցութեան մէջ է Հնդկաստանի հետ արդիական զէնքեր գնելու:

Իրան որ շատ զգուշաւոր քաղաքականութիւն մը կը վարէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, իր չէզոքութիւնը խախտեց որոշ չափով ի նպաստ Հայաստանի, մեկնելով բնականաբար, իր իսկ շահերէն: Իրանի նախագահը` Ռայեսի Սամարխանտի մէջ Շանկհայի Համագործակցութեան ժողովին յայտարարեց որ Իրան պիտի չճանչնայ որեւէ փոփոխութիւն Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ: Ան իր խօսքը զինու ոյժով պաշտպանելու համար իր զօրքը տեղաւորեց Հայաստանի եւ Իրանի սահմանին վրայ, անոր պատրաստակամութիւնը բարձրացնելով 100 տոկոսի:

Սակայն, Իրանի շարժելու հնարաւորութիւնները շատ սահմանափակ են. այդ երկրի իշխանաւորները իրազեկ են որ կը գտնուին շրջապատումի մէջ. Թուրքիա, Ատրպէյճան, Իսրայէլ եւ Ամերիկա ակնդէտ կը սպասեն որ Իրան սայթաքի եւ իյնայ շրջանային ոեւէ բախումի մը մէջ, որպէսզի կարենան տապալել այնտեղ տիրող  վարչակարգը: Հետեւաբար, Իրան բացի սպառնալէ, չի համարձակիր ոեւէ քայլ առնել եւ նախագահ Ալիեւ հաշուարկած է այդ իրողութիւնը:

Այս բոլոր զարգացումները եւ սպառնալիքները ի՞նչ դեր կրնան կատարել` այդ մասին կ'իմանանք յառաջիկայ օրերուն: Արդէն Հայաստանի իշխանութիւնները կը զգուշացնեն միջազգային հանրութիւնը որ Ատրպէյճան կը ծրագրէ նոր յարձակումներ կատարել Նախիջեւանէն, ուր տեղակայուած են նաեւ թրքական ոյժերը:

Հայրենիքի պատմական այս ահաւոր պատկերին դիմաց` ի՞նչ կ'ընէ անկերպարան եւ բութ սփիւռքը, բացի կարգ մը անյարիր կոչերէ: Ո՞ւր է այն բարոյական հեղինակութիւնը, որ վեր պիտի բարձրանար օրուան տափակութիւններէն եւ քաղաքական ոյժի վերածէր ազատ երկիրներու սփիւռքահայ զանգուածները: Եւ ոչ միայն քաղաքական նեցուկ, այլ զէնք պէտք է հայթայթել մեր հայրենիքին: Երբ Հայաստան կը գտնուի գոյութենական վտանգի ներքեւ կը դադրին ի զօրու ըլլալ բոլոր միջազգային օրէնքները: Իսրայէլ որո՞ւ կարծիքը հարցուց կամ ո՞ր միջազգային օրէնքի հպատակեցաւ երբ որոշեց 200 աթոմական ռումբ արտադրել իր սփիւռքին օժանդակութեամբ:

Այսօր քաղաքական քաոսի մէջ է նաեւ Հայաստանը եւ պառակտուած ոեւէ ժամանակէ աւելի: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային Ժողովի բեմէն յայտարարելէ ետք որ պատրաստ է խաղաղութեան դաշնագիր կնքել, ի՞նչ որ ալ ըլլան հետեւանքները իրեն համար` սկսած է ճղակտոր ըլլալ համոզելու համար որ այդպիսի փաստաթուղթ գոյութիւն չունի: Այսպիսի փոթորկոտ օրերուն միայն զգօն գլուխներու պէտք ունի Հայաստանի իշխանութիւնը:

Իսկ տարրերային ընդդիմութիւնը հրապարակ ելած է ինփիչմընթի ենթարկելու վարչապետը: Բայց որո՞ւն հաճոյք պատճառելու համար:

Որքան ալ անկատար ըլլան իշխանաւորները` անոնց հետ քաղաքական հաշուեյարդար կարդալու ժամանակը չէ հիմա:

Պէտք ունինք ամբողջական միասնականութեան, որպէսզի բոլորս մեր զէնքերը ուղղենք թշնամիին:

Եւ միայն` թշնամիին: