image

Խաղաղութիւնը երբեք այսքան մօտ չէ եղած․ Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան

Խաղաղութիւնը երբեք այսքան մօտ չէ եղած․ Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան

Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը երբեք այնքան մօտ չէ եղած, որքան հիմա: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Զաքարի Կրոսը:

Որպէս օրինակ ան բերած է Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւնները` յիշեցնելով, որ երկու երկիրներու միջեւ պատերազմներ եղած են, զոհուած են միլիոնաւոր մարդիկ, փոխադարձ ատելութիւն եւ թշնամանք եղած է, սակայն այսօր այս երկու երկիրները բարեկամ են, հպարտ են իրենց պատմութեամբ ու մշակոյթով:

«Այս փորձը հետաքրքրական կը համարեմ Ատրպէյճանի եւ Հարաւային Կովկասի համար: Կը մաղթեմ, որ ձեր սերունդը խաղաղութիւն հաստատէ ձեր տարածաշրջանին մէջ, հասնի խաղաղութեան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ: Ճիշդ է, խաղաղութիւնը դեռ վերջնականապէս հաստատուած չէ, այդ դժուարին ճանապարհ է` թակարդներով, բայց երբեք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը այնքան մօտ չէ եղած, որքան հիմա», ըսած է դեսպանը: