image

«Խաղ»ը կը թէժանայ. Պայտըն Փութինը «պատժելու» յայտարարութիւններ կատարեց

«Խաղ»ը կը թէժանայ. Պայտըն Փութինը «պատժելու»  յայտարարութիւններ կատարեց

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է, պիտի քննարկէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէմ անձնական պատժամիջոցներու սահմանումը, եթէ Ռուսաստանը ներխուժէ Ուքրանիա:

Ինչպէս կը նշէ The Guardian-ը, այս յայտարարութիւնը հնչած է, երբ արեւմտեան առաջնորդները կ'ուժեղացնեն ռազմական նախապատրաստական աշխատանքները, ՆԱԹՕ-ն ուժերը բերած է պատրաստութեան վիճակ` ի պատասխան Ուքրանիոյ հետ սահմանին մօտ Ռուսաստանի զօրքերու կուտակման:

Ըստ Պայտընի` եթէ Ռուսաստանը յարձակի, այդ պիտի ըլլայ «երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ի վեր ամենամեծ ներխուժումը», որ «պիտի փոխէ աշխարհը»: Նախագահը ըսած է, որ պիտի քննարկէ մշակուող միջոցառումներու շարքին Փութինի դէմ ուղղակի պատժամիջոցներ աւելցնելու հարցը: