ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է, պիտի քննարկէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէմ անձնական պատժամիջոցներու սահմանումը, եթէ Ռուսաստանը ներխուժէ Ուքրանիա:
Ինչպէս կը նշէ The Guardian-ը, այս յայտարարութիւնը հնչած է, երբ արեւմտեան առաջնորդները կ'ուժեղացնեն ռազմական նախապատրաստական աշխատանքները, ՆԱԹՕ-ն ուժերը բերած է պատրաստութեան վիճակ` ի պատասխան Ուքրանիոյ հետ սահմանին մօտ Ռուսաստանի զօրքերու կուտակման:
Ըստ Պայտընի` եթէ Ռուսաստանը յարձակի, այդ պիտի ըլլայ «երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ի վեր ամենամեծ ներխուժումը», որ «պիտի փոխէ աշխարհը»: Նախագահը ըսած է, որ պիտի քննարկէ մշակուող միջոցառումներու շարքին Փութինի դէմ ուղղակի պատժամիջոցներ աւելցնելու հարցը: