Կազա քաղաքի դպրոցի վրայ Իսրայէլի օդուժի հարուածի հետեւանքով զոհուածներու թիւը անցած է 120-ը, որոնց շարքին կան կանայք եւ երեխաներ, յայտնած է լիբանանեան Al-Mayadeen հեռուստաալիքը։
Աւելի վաղ պաղեստինեան փրկարար ծառայութիւնները յայտնած էին, որ իսրայէլեան օդանաւը երեք հրթիռ արձակած է Կազայի Ալ-Թապաին դպրոցի ուղղութեամբ, ուր փախստականները հաւաքուած էին առաւօտեան աղօթքի համար: Ըստ նախնական տուեալներու, զոհուած է 100 մարդ։
Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է Կազայի հատուածին մէջ գտնուող դպրոցը հարուածելու մասին՝ պնդելով, որ այնտեղ կը գտնուին «Համաս»-ի գրոհայինները։
Լիբանանեան հեռուստաալիքներէն մէկը X-ի էջին տեսանիւթ հրապարակած է հրթիռակոծուած դպրոցէն։ Տեսանիւթին մէջ կ՚երեւայ, թէ ինչպէս փրկարարական խումբերը սաւաններով փաթաթուած մարմինները դուրս կը բերեն փլատակներու տակէն։
Աւելի վաղ ԱՄՆ պետքարտուղար Անթընի Պլինքըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ հեռախօսազրոյցին կոչ ըրած էր շտապ հրադադար հաստատելու Կազայի հատուածին մէջ։