image

Կազայի մէջ զոհերու թիւը անցաւ 21.000-ը

Կազայի մէջ զոհերու թիւը  անցաւ  21.000-ը

Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 21 հազար 110-ի։

Այս մասին յայտնած են Կազայի առողջապահութեան նախարարութենէն՝ աւելցնելով, որ վիրաւորուած է  55 հազար 243 մարդ։

Առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչի տեղեկատւութեամբ՝ միայն վերջին 24 ժամուան ընթացքին իսրայէլեան զինուած ուժերու հարուածներու հետեւանքով զոհուած է 195 մարդ։

Ան մտահոգութիւն յայտնած է Կազայի հարաւը գտնուող՝ Նասերի անուան բժշկական համալիրի վերաբերեալ, ուր կրնայ կրկնուիլ նոյն սենարը, որ եղաւ հիւսիսային հատուածին մէջ տեղակայուած «Ալ-Շիֆա» հիւանդանոցի պարագային՝ կոչ ընելով միջազգային կազմակերպութիւններուն ձեռնարկելու արդիւնաւէտ եւ հրատապ միջոցներ՝ ապահովելու բժշկական համալիրի, անձնակազմի, վիրաւորներու, հիւանդներու եւ հազարաւոր տեղահանուածներու պաշտպանութիւնը։