Իսրայէլն ու ՀԱՄԱՍ-ը համաձայնութեան եկած են Կազայի հատուածին մէջ քառօրեայ հրադադարի շուրջ: Գործարքի շրջածիրէն ներս ՀԱՄԱՍ-ի մօտ պահուող 239 պատանդէն 50-80-ը ազատ պիտի արձակուի, յայտնած է timesofisrael.com-ը:
Խօսքն Իսրայէլի քաղաքացի հանդիսացող կանանց ու երեխաներու մասին է:
«Այս գիշեր մենք դժուար որոշում կայացուցինք, բայց այդ ճիշդ որոշում է»,-ըսած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։
Իսրայէլը համաձայնած է բանտերէն ազատել պաղեստինցի կիները եւ անչափահասները եւ թոյլ տալ անոնց վերադառնալ իրենց տուները՝ հիմնական Արեւմտեան ափի եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ: Իսրայէլը յստակ թիւ չէ հրապարակած, սակայն ՀԱՄԱՍ-ը յայտարարութեան մէջ նշած է 150 թիւը՝ ողջունելով «մարդասիրական զինադադարը»:
ՀԱՄԱՍ-ը յայտարարած է, որ հրադադարի շրջածիրէն ներս Իսրայէլը պիտի դադրեցնէ անօդաչու թռչող սարքերու թռիչքները Կազայի հարաւին մէջ եւ անոնք պիտի թռչին միայն անկլաւի հիւսիսային շրջանին մէջ, օրական վեց ժամ՝ առաւօտեան 10:00-էն 16:00-ը:
Խմբաւորումը պարզաբանած է, որ թէեւ համաձայնած է հրադադարի, սակայն «մատը կը պահէ ձգանի վրայ՝ պաշտպանելու ժողովուրդը եւ ետ մղելու բռնագրաւումը»:
Մինչդեռ jpost.com-ը աւելցուցած է, որ Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ գործարքի հակառակորդները նախազգուշացուցած են, որ այն կը բարդացնէ Իսրայէլի ռազմական արշաւը Կազայէն ՀԱՄԱՍ-ը հեռացնելու համար: Անոնք նաեւ զգուշացուցած են, որ պատերազմը ժամանակաւորապէս դադրեցնելէ ետք դժուար կ՚ըլլայ այն վերսկսիլ։ Նաթանիահուն հերքած է այդ տեսակէտները՝ բացատրելով, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կը ծրագրէր վերսկսիլ պատերազմը գործարքի ժամկէտը լրանալէն ետք։
«Կ՚ուզեմ պարզաբանել. մենք պատերազմի մէջ ենք եւ կը շարունակենք մնալ պատերազմի մէջ, քանի դեռ չենք հասած մեր բոլոր նպատակներուն՝ ոչնչացնել ՀԱՄԱՍ-ը եւ վերադարձնել մեր բոլոր գերիներն ու անյայտ կորսուածները»,-ըսած է ան։
«Մենք նաեւ կ՚ապահովենք, որ Կազայի մէջ որեւէ կառոյց չըլլայ, որ կը սպառնայ Իսրայէլին», - յայտարարած է Նաթանիահուն։