image

Կազայի դէմ գործողութիւնները պիտի շարունակուին նոյն թէժութեամբ

Կազայի դէմ գործողութիւնները պիտի շարունակուին նոյն թէժութեամբ

Իսրայէլը ներկայիս մտադիր չէ նուազեցնել ռազմական գործողութիւններու թէժութիւնը Կազայի հատուածին մէջ։ Այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է հրէական պետութեան արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենը Yedioth Ahronoth թերթին տուած հարցազրոյցին։

«Քաղաքական քննարկման վերջին արդիւնքներու հիման վրայ ռազմական գործողութիւններու թէժութեան նուազեցման մասին խօսք չկայ գոնէ յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին»,- ընդգծած է Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարը։

Միեւնոյն ժամանակ, հրատարակութիւնը կը կարծէ, որ մինչեւ յունուարի կէսերը պաղեստինեան անկլաւին մէջ մարտերն աստիճանաբար կը թուլանան, քանի որ հնարաւոր է նոր մարդասիրական դադար տեղի ունենայ։ Պահեստազօրի մեծ մասը կը կարողանայ վերադառնալ տուն, եւ զինուորականները կը սկսին պատրաստել 1 քիլոմեթր լայնութեամբ բախարգելային (բուֆերային) գօտի, որ կը բաժանէ Իսրայէլի տարածքը Կազայի հատուածէն, գրած է Yedioth Ahronoth-ը: