image
Հրատապ լուրեր:

Կայացաւ ՀԳՄ 20-րդ համագումարը. Էտուարտ Միլիտոնեան միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ նախագահ (Լուսանկարներ)

Կայացաւ ՀԳՄ 20-րդ համագումարը. Էտուարտ Միլիտոնեան միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ նախագահ (Լուսանկարներ)

Այսօր, Երեւանի Հայաստանի Գրողներու Միութեան (ՀԳՄ) շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ նոյն կառոյցի 20-րդ համագումարը։

Համագումարի ընթաքին քննարկուեցան ընթացաւարտ վարչութեան համընդհանուր աշխատանքները, ինչպէս նաեւ հնչեցին գնահատականներ։ Ելոյթ ունեցաւ ՀԳՄ ընթացաւարտ վարչութեան նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեան, որ իր խօսքով համապարփակ կերպով ներկայացուց անցնող տարիներու գործունէութեան ընդհանուր ծիրերը։ Ապա ժողովը շարունակեց իր աշխատանքը։ Ելոյթներ ունեցան բազում գրողներ, որոնք հանդէս եկան տարբեր առաջարկներով։ 

Ժողովի աւարտին օրուան նախագահութիւնը, որ բաղկացած էր գրողներ՝ Մանուէլ Միկոյեանէ, Դաւիթ Մուրատեանէ եւ Վազգէն Գաբրիէլեանէ, ներկայացուցին, որ գործող նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեանը կը հանդիսանար միակ թեկնածուն տեղի ունենալիք ընտրութեանց։ Ու ապա բաց քուէարկութեան հիմքով Էտուարտ Միլիտոնեան վերստին ընտրուեցաւ ՀԳՄ նախագահ։

Նշենք որ Հայաստանի մէջ ՀԳՄ անդամակցող գրողներու թիւը կը հասնի շուրջ 500-ի, իսկ այսօրուան ժողովին ներկայ էին Հայատանի շրջաններէն, Երեւանէն եւ Արցախէն միութեան անդամ հանդիսացող 320-է աւելի գրողներ։