Վեհափառ Հայրապետը առանձին քննարկումներ պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներու հետ, որոնց միջոցաւ պիտի յստակեցուի նոյն ձեւաչափով հանդիպումներու շարունակութիւնը։
Տեղեկութիւնը յայտնած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Եսայի քահանայ Արթենեան։
Նշուած է, որ կաթողիկոսը կը գնահատէ ՀՀ եւ ԼՂՀ նախագահներու պատրաստակամութիւնը՝ յայտնի հանդիպման ձեւաչափով արծարծելու երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման հնարաւոր ուղիները։
Յայտնած ենք, որ Տէր–Պետրոսեան, անդրադառնալով Ամենայն հայոց կաթողիկոսի նախաձեռնած հարթակին (վեհափառի հանդիպումները Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներու հետ), նշած էր, որ «Հայկական Ժամանակ»–ի հրապարակումէն ետք ատոր անհրաժեշտութիւնը կարելի է սպառուած համարել։
Յիշեցնենք` 22 սեպտեմբերին Մայր աթոռի մէջ տեղի ունեցած էր Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ Հայաստանի նախագահներ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի, ինչպէս նաեւ ԼՂՀ նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հանդիպումը`կաթողիկոսի հրաւէրով։
Հանդիպման աւարտին Մայր աթոռը տարածած էր հաղորդագրութիւն, ուր ըսուած էր. «Հայաստանում ստեղծուած իրավիճակի առնչութեամբ տեղի է ունեցել շահագրգիռ քննարկում։ Որոշում է կայացուել շարունակել հանդիպումները»։
30 Սեպտեմբերին յայտնի դարձաւ, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն եւ ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կրկին հանդիպած են։