image

«Հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք»՝ Անիի մասին նոր հատոր

«Հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք»՝ Անիի մասին նոր հատոր

Վերջերս հրատարակուած է պատմական Անի քաղաքի մասին նոր՝ «Անի» հատորը, որու հեղինակն է՝ Կարս քաղաքէն Վետաթ Աքչայէօզն:

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ  Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ վերջերս հրատարակուած «Անի» գիրքին հեղինակը՝ Վետաթ Աքչայէօզն ու ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետուհի Կիւլիւզար Արթուչը։ Վետաթ Աքչայէօզ, որ Կարս քաղաքէն է, ուսումնասիրութիւններ ունի պատմական Անի քաղաքի մասին եւ իր ծով պաշարը ցոլացուցած է այս նոր գիրքով։ Հրատարակչական այս կարեւոր ծրագիրը կեանքի կոչուած է ՀԱՅՃԱՐ-ի ջանքերով, ինչ որ կ՚արդարացնէ անոր առաքելութիւնը։

Երէկուան այցելութեան ընթացքին հիւրերը մեզի յանձնեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան համար մակագրուած օրինակը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին արժեւորուեցան կոթողային այս գիրքի հրատարակութեան արձագանգներն ու խոստացած հեռանկարները։

Այս առթիւ հերթական անգամ կը շնորհաւորենք Վետաթ Աքչայէօզն ու ՀԱՅՃԱՐ-ը, որոնց համագործակցութիւնը տուած է իսկապէս ողջունելի պտուղ մը։