Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները այցելած են Ատրպէյճանի մէջ գտնուող գերեվարուած եւ պատանդառուած հայերուն, ծանօթացած են անոնց պահման պայմաններուն, օգնած են կապ հաստատելու անոնց ընտանիքներու անդամներուն հետ:
Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառա Ամատունին յայտնած է, որ կոմիտէի ներկայացուցիչները պարբերաբար կը տեսակցին բոլոր այն անձերուն հետ, որոնց գերութեան փաստը պաշտօնապէս հաստատուած է: Պաքուն այս պահուն կը հաստատէ 40 անձի՝ Ատրպէյճանի մէջ գտնուելու հանգամանքը:
«Անձանց հնարաւորութիւն է տրուել փոխանակուել ընտանեկան բնոյթի տեղեկութիւններով, լուրերով, օգտագործուել են Կարմիր խաչի նամակներ, տեսաուղերձներ եւ հեռախօսազանգեր: Մենք չենք կարող հրապարակել այն մարդկանց թիւը, որոնց մենք տեսակցում ենք, բայց կարող եմ հաստատել, որ գերեվարման ողջ ընթացքում իւրաքանչիւր ընտանիքի հետ կապի մէջ ենք», յայտնած է Ամատունի: