image

Կարինի պատմական յուշարձանները ախոռի վերածուած են

Կարինի պատմական յուշարձանները ախոռի վերածուած են

Օլթուի (Կարինի շրջան) վերականգնուած ռուսական եկեղեցւոյ մէջ անասուններ կ՚որոճան։ Թէեւ 3,2 միլիոն լիրա ծախսուած է եկեղեցւոյ վերանորոգման համար, սակայն կառոյցը տակաւին չէ բացուած զբօսաշրջիկներու։

Ըստ Akunq.net-ի, լուրը կը հաղորդէ Artigerçek լրատու կայքը։

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը Էրզրումը (Կարին) հռչակած է 2025-ի զբօսաշրջութեան մայրաքաղաք։ Սակայն վերջերս հոն վերանորոգուած Օլթուի ռուսական եկեղեցին եւ Ազիզիէի ամրոցային համակարգը վերածուած են ախոռի, ուր կ՚որոճան անասունները։

2017-ին միլիոնաւոր լիրաներով վերականգնուած եւ նախկին տեսքը ստացած ռուսական եկեղեցին մատնուած է ճակատագրի քմահաճոյքին։ Քանի որ եկեղեցին չէ վերաբացուած, գիւղացիները իրենց անասունները կ՚արածեն եկեղեցւոյ տարածքին։