image

Կարեւորը պատժամիջոցներու վերացումն է. Ապտըլ Լահեան

Կարեւորը պատժամիջոցներու վերացումն է. Ապտըլ Լահեան

Բանակցութիւններու նախորդ վեց փուլերու ընթացքին իրանեան կողմին պարզ դարձաւ, որ Ամերիկան չէ գիտակցած, որ միջուկային համաձայնագիրը վերականգնելու միջոց չկայ՝ առանց չեղարկելու բոլոր անօրինական պատժամիջոցները, որոնք սահմանած էր Իրանի ժողովուրդին նկատմամբ, միջուկային համաձայնագրէն միակողմանիօէն դուրս գալէն ետք։

 

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան ըսած է, որ «ԱՄՆ եւ եւրոպական եռեակը պէտք է հասկնան, որ իրանեան միջուկային ծրագրին շուրջ ընթացիկ բանակցութիւններուն պատուհանը յաւերժ բաց պիտի չմնայ»։

Ռուսական «Քոմերսանթ» թերթին մէջ իր յօդուածին մէջ իրանցի նախարարը գրած է, որ Թեհրանը կը ձգտի շարունակելու իր աշխոյժ դիւանագիտական ջանքերը՝ ԱՄՆ-ի անօրինական պատժամիջոցները չեղարկելու համար, միեւնոյն ժամանակ ունի արդիւնաւէտ գործիքներ՝ խափանելու այդ պատժամիջոցներուն ազդեցութիւնը երկրի տնտեսական կայուն զարգացման վրայ։

Ան ընդգծեց, որ բանակցութիւններու նախորդ վեց փուլերու ընթացքին իրանեան կողմին պարզ դարձաւ, որ Ամերիկան չէ գիտակցած, որ միջուկային համաձայնագիրը վերականգնելու միջոց չկայ՝ առանց չեղարկելու բոլոր անօրինական պատժամիջոցները, որոնք սահմանած էր Իրանի ժողովուրդին նկատմամբ, միջուկային համաձայնագրէն միակողմանիօէն դուրս գալէն ետք։

Ամիր Ապտըլ Լահեան նաեւ համարած է, որ ՄԱԿ-ի 2231 բանաձեւը միջուկային համաձայնագրի բոլոր կողմերէն բացայայտօրէն խնդրած է աջակցիլ անոր եւ զերծ մնալ համաձայնագրին վնասող որեւէ գործողութենէ՝ ըսելով. «Առանց բոլոր պատժամիջոցները չեղարկելու՝ միջուկային համաձայնագիրը վերակենդանացնելու որեւէ միջոց չկայ»։

Այս տեղի կ'ունենայ այն ժամանակ, երբ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին Կիրակի օր հաստատած էր, որ իր երկիրը «աշխուժօրէն կը ձգտի վերացնելու իր նկատմամբ կիրառուող էմպարկոյի միջոցները»: «Մենք յաջորդ տարուայ պիւտճէն ու երկրին տնտեսութիւնը որեւէ կերպ պիտի չկապենք բանակցութիւններուն հետ», ըսաւ ան։

Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնեան աւելի վաղ ըսած էր, որ բոլոր պատժամիջոցները չեղարկելու Ուաշինկթընի դժկամութիւնը Վիեննայի բանակցութիւններուն գլխաւոր մարտահրաւէրն է՝ յաւելելով, որ համաձայնութիւն կարելի է ձեռք բերել, եթէ եւրոպական տէրութիւնները «լրջօրէն» քաղաքական կամք եւ ճկունութիւն ցուցաբերեն: