Երեխաները ախտահարող անյայտ ծագման սուր լերդաբորդ (Hepatitis) արդէն յայտնաբերուած է Եւրոմիութեան 12 երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Ճափոնի, Իսրայէլի եւ Գանատայի մէջ: Աշխարհի մէ' արդէն յայտնաբերուած է այդ հիւանդութեան 200 դէպք:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) տուեալներով` մէկ երեխայ մահացած է, 17 երեխայ լեարդի փոխպատուաստման անհրաժեշտութիւն ունեցած է:
Խորհրդաւոր հիւանդութեամբ կը հիւանդանան 1 ամսականէն մինչեւ 16 տարեկան, բայց աւելի յաճախ` մինչեւ 5 տարեկան երեխաները:
Հետաքրքրական է, որ հիւանդութեան ՛առաջացման պատճառը գիտնականները առայժմ չեն յաջողած պարզել. Քննութիւնները հիւանդներուն մօտ բացառած են լերդաբորբի վարակները (A, B, C, D եւ E): Բացառել են նաեւ սովորական պատճառները, որոնք կրնային սուր լերդաբորբ յառաջացնել։ Որոշ երեխաներու մոտ յայտնաբերած են Sars-Cov-2, բայց այդ վարակները հազիւ թէ կրնան կապուած ըլլալ լերդաբորբի հետ։
ԱՀԿ-ի տուեալներով` յայտնաբերուած պարագաներուն մէջ ախտանշանը սուր լերդաբորբն էր (լեարդի բորբոքում): Շատ պարագաներու փոքրիկ հիւանդները կը բախէին աղեստամոքսային ախտանշաններու` որովայնի ցաւ, փորհարութիւն եւ փսխունք: Այս բոլոր նշանները կը նախորդէին սուր լերդաբորբի յառաջացման: Դէպքերու մեծ մասի պարագային տենդ չէ եղած: