Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարզած է, որ սուրիական ուժերը չեն պատասխանած Լաթաքիոյ նավահանգիստին վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն՝ ռմբակոծութիւններու պահուն Հմեյմիմ օդակայանին մէջ ռուսական ինքնաթիռի վայրէջքի պատճառով։
Հմեյմիմ հաշտեցման կեդրոնի փոխտնօրէն Օլեկ Ժուրավլիով մանրամասնած է, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը իսրայէլեան կործանիչներու հետ օդային մարտերու չեն մասնակցած՝ սուրիական ուժերու կրակի գօտիին մէջ ռուսական օդատիեզերական ռուժերուն պատկանող ինքնաթիռի առկայութեան պատճառով։
Ժուրավլիով նշած է, որ իսրայէլեան յարձակումը շօշափելի եւ ոչ-շօշափելի վնաս հասցուցած է Լաթաքիոյ նաւահանգիստի ենթակառուցուածքին։
Իսրայէլի յարձակումներն ու ոտնձգութիւնները կը շարունակուին Սուրիոյ դէմ, եւ վերջինս բազմիցս կոչ կ'ընէ Անվտանգութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ին՝ դատապարտելու իր դէմ Իսրայէլի յարձակումը եւ միջոցներու ձեռնարկելու՝ կանխելու անոր կրկնութիւնը:
Յիշեցնենք, որ նախօրէին սուրիական հրշէջ խումբերը յայտարարած էին Լաթաքիոյ նաւահանգիստին մէջ բռնկած հրդեհները վերահսկողութեան տակ առնելու մասին, որ հետեւանք էր Լաթաքիոյ նաւահանգիստին շրջակայքը իսրայէլեան յարձակման։