Դիմումնագիրներու ընդունումը սկսած է Միացեալ Թագաւորութեան «Կլետսթոն» գրադարանին մէջ 2027-ին իրականացուելիք «Իսրայէլեան» ամառնային կեցութեան դրամաշնորհին համար։ Մէկամսեայ կեցութիւնը նախատեսուած է հայագիտութեան, գրականութեան եւ հասարակական գիտութիւններու ոլորտներուն մէջ ծրագիրներ իրականացնողներուն աջակցելու համար։
Դիմումնագիրները սկսած են ընդունուիլ Միացեալ Թագաւորութեան «Կլետսթոն» գրադարանին մէջ իրականանալիք 2027ի «Իսրայէլեան» ամառնային կեցութեան դրամաշնորհին համար։ Մէկ ամսուան տեւողութեամբ այս կեցութիւնը պիտի սատարէ հայագիտութեան, գրականութեան եւ հասարակական գիտութիւններու ոլորտէն ծրագիրներ իրականացնողներու աշխատանքին։ Ասիկա առաջին տարին է այս ծրագրին, որ նախատեսուած է վերածուելու տարեկան ծրագրի։
«Իսրայէլեան» նպաստը գրողներուն, արուեստագէտներուն եւ գիտնականներուն կը տրամադրէ յատուկ ժամանակ ու տարածք՝ կեդրոնանալու համար այնպիսի ծրագիրներու վրայ, որոնք արդէն իսկ զգալի չափով ընթացք առած են։ Անիկա նախատեսուած է անոնց համար, որոնք կրնան փաստել իրենց առաջարկած աշխատանքին գծով արձանագրուած նշանակալի յառաջընթացը, եւ որոնք կը փնտռեն անխափան հետազօտական կամ ստեղծագործական ժամանակաշրջան մը՝ իրենց ծրագիրը աւարտին հասցնելու կամ յաջորդ կարեւոր հանգրուանին փոխադրելու համար։
Նպաստը կը ներառէ ամբողջութեամբ հովանաւորուած 31 գիշերուան կեցութիւն «Կլատսթոն»էն ներս, ինչպէս նաեւ գրադարանի հաւաքածոներուն, յարմարութիւններուն եւ ակադեմական համայնքին հասանելիութիւն ու ճամբորդական ծախսերու օժանդակութիւն։
Դիմումները բաց են որեւէ ազգութեան պատկանող գրողներու, արուեստագէտներու եւ գիտնականներու համար, որոնք կը գործեն հայագիտութեան ոլորտէն ներս։
Դիմումները պէտք է ներկայացուին մինչեւ Հոկտեմբեր 15։ Դիմողները ընտրութեան արդիւնքներուն մասին պիտի տեղեկացուին մինչեւ Դեկտեմբեր 1։ Կեցութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2027ի ամրան ընթացքին, եւ դիմորդները կը հրաւիրուին նշելու իրենց յարմարութիւնն ու ճկունութիւնը:
Դիմելու համար այցելել հետեւեալ israelyanfellowships.org կայքը։
Դիմումնագիրները պիտի քննուին դոկտ․ Խաչիկ Մուրատեանի գլխաւորած յանձնախումբին կողմէ։ Անոր մաս պիտի կազմէ նաեւ «Կլետսթոն»ի տնօրէն դոկտ․ Էնտրիա Ռասըլ։
Սուրէն Ա․ Իսրայէլեանի հիմնած սոյն նպաստը նպատակ ունի սնուցանելու եւ պահպանելու հայ մտաւորական ու մշակութային աւանդութիւնները՝ միաժամանակ ներշնչելով գիտական եւ ստեղծագործական արտայայտութեանց միջոցներու նոր ձեւեր։ Հիմնուելով հայկական վանքերու հոգեւոր ու գիտական միջավայրերուն մէջ ուսանելու եւ զարգանալու իր պատանեկան երազներուն վրայ՝ Իսրայէլեան այս ծրագիրը պատկերացուցած է իբրեւ կամուրջ՝ գիտնականներն ու գրողները միացնելու այնպիսի տարածքներու հետ, որոնք կը քաջալերեն մտորումը, հետազօտութիւնն ու երկխօսութիւնը։
«Կլատսթոն»ը ընտրուած է ոչ միայն իբրեւ իր տեսակին մէջ Միացեալ Թագաւորութեան լաւագոյնը, այլ նաեւ հայերու եւ 19րդ դարու Բրիտանիոյ վարչապետներէն Ուիլեըմ Կլատսթոնի միջեւ եղած պատմական կապերուն պատճառով՝ ամրապնդելով կրթաթոշակին առաքելութիւնը՝ կամրջելու անցեալն ու ներկան։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել application@israelyanfellowships.org հասցէին։