Այսօր՝ յուլիս 12-ին, խոշոր ու ողբերգական ինքնաշարժի արկած տեղի ունեցած է Սիւնիքի մարզին մէջ: Ժամը 11:00-ի սահմաններուն Կապան քաղաքի Բաղաբերդի 1 հասցէին յարակից տարածքին մէջ բախած են Սիւնիքի մարզի բնակիչ 46-ամեայ Արման Մ.-ի վարած «ՎԱԶ 2121» մակնիշի եւ 59-ամեայ Անդրանիկ Վ.-ի վարած «ՎԱԶ 2106» մակնիշի մեքենաները:
Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով, վթարի հետեւանքով «Նիւա»-ի վարորդը քաղաքացիներու օգութեամբ դուրս բերուած է մեքենայէն եւ տեղափոխուած «Կապան» բժշկական կեդրոն, իսկ «06»-ի վարորդը մեքենայէն դուրս բերած են արագ արձագանգմամբ ժամանած ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութեան Կապանի հրշէջ-փրկարարական ջոկատի փրկարարները, որուն բժիշկները բուժօգնութիւն ցուցաբերած են, ապա փրկարարները անոր մօտեցուցած են շտապօգնութեան մեքենային, սակայն վերջինս «Կապան» բժշկական կեդրոն տեղափոխուելու ճանապարհին մահացած է:
Վթարի փաստով քննչական վարչութենէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: