Իրաքի շրջաններէն արեւադարձային տաք օդային հոսանքներու ներթափանցմամբ պայմանաւորուած Հայաստանի հանրապետութեան ողջ տարածքէն ներս 28-30 օգոստոսին կը սպասուի օդի ջերմաստիճանի աստիճանաբար բարձրացում 3-4 աստիճանով։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն:
Ամենաբարձր ջերմաստիճանները կ'արձանագրուին 29-31 օգոստոսին, եւ 1 սեպտեմբերին Հայաստանի ցածրադիր գօտիներուն, մասնաւորապէս Արարատեան դաշտի եւ անոր նախալեռներուն, Սիւնիքի հովիտներու եւ Երեւանին մէջ հասնելով +38․․․+40 աստիճանի։
Նշուած օրերուն ՀՀ-ի ողջ տարածքը կը սպասուի բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ։
Ազգաբնակչութեան կոչ կ'ուղղենք պահպանելու հրդեհավտանգութեան կանոնները։