image

ԱՄՆ-ն կոչ է ըրած է հուսիներուն անյապաղ ազատ արձակելու Eternity C նաւու անձնակազմը

ԱՄՆ-ն կոչ է ըրած է հուսիներուն անյապաղ ազատ արձակելու Eternity C նաւու անձնակազմը

Եմէնին մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը յայտարարած է, թէ հուսիները «առեւանգած են Eternity C նաւուն անձնակազմի ողջ մնացած անդամները» եւ կոչ ըրած է անոնց անյապաղ ազատ արձակելու։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ BBC-ն։

«Հուսիները կը շարունակեն ապացուցել, որ Միացեալ Նահանգները ճիշդ էր՝ զանոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւն դասակարգելով», — նշուած է դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ։

Լիպերիոյ դրօշի ներքոյ նաւարկող Eternity C նաւը յուլիս 7-ին յարձակման ենթարկուած է Եմէնի Հոտէյտա նաւահանգիստէն մօտ 90 քմ հարաւ-արեւմուտք։

Reuters-ի տուեալներով՝ նաւուն վրայ գտնուած է 25 հոգի։ Անոնցմէ 4-ը մահացած են յարձակման հետեւանքով։ Եւրոպական Aspides ծովային առաքելութեան անդամները փրկած են անձնակազմի 6 անդամները, իսկ մնացեալները կը նկատուին անյայտ կորսուած։

Հուսիները յայտարարած են, որ յարձակած են Eternity C նաւին վրայ, որովհետեւ այն ուղեւորուած էր դէպի Իսրայէլ, եւ յայտնած են, թէ անձնակազմի անդամները տեղափոխած են «անվտանգ վայր»։

Սա երկրորդ նաւն է, որ հուսիներու կողմէ կը խորտակուի մէկ շաբթուան ընթացքին։ Աւելի վաղ հուսիները յայտարարած էին Magic Seas նաւուն խորտակման մասին, որ ըստ իրենց՝ «կը պատկանէր ընկերութեան մը, որ խախտած էր բռնագրաւուած Պաղեստինի նաւահանգիստներ մուտք գործելու արգելքը»։