Իսրայէլեան զօրքերը կը շարունակեն գործողութիւնները Կազայի հատուածի հարաւը գտնուող Ռաֆահ քաղաքի շրջանի, ինչպէս նաեւ հատուածի կեդրոնական մասին մէջ: Այդ մասին յայտնած են ՑԱՀԱԼ-ի մամուլի ծառայութենէն:
Նշուած է, որ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը վերջին մէկ օրուան մէջ հարուածներ հասցուցած են հակառակորդի բազմաթիւ կառոյցներուն եւ ոչնչացուցած ՀԱՄԱՍ-ի զինեալներ:
«Հարուածներու մէկ հատով իսրայէլեան օդուժի օդանաւը ոչնչացուցած է ՀԱՄԱՍ-ի երկու ահաբեկիչի, որոնք գործած են Կազայի հատուածի հիւսիսը»,- նշած են Իսրայէլի բանակէն: