image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարները կարեւոր քննարկումներ ունեցած են

Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարները կարեւոր քննարկումներ ունեցած են

1 Փետրուարին իսրայէլեան կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի եւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոափ Կալանթի միջեւ։

Ինչպէս տեղեկացուցած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, «նշելով, որ ատրպէյճանա-իսրայէլական յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ, Կալանթը գոհունակութիւն յայտնած է ստեղծուած երկկողմ համագործակցութեան համար։ Հասանով շնորհաւորած է Կալանթը՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին նշանակուելու առիթով, եւ ռազմական ոլորտի մէջ երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման վստահութիւն յայտնած է:

Հեռախoսազրոյցի ընթացքին կողմերը վճռականօրէն դատապարտած են ահաբեկչական գործողութիւնները, քննարկած տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան հեռանկարներու հարցերը»։