image

Իսրայէլի բանակի ռազմական հետախուզութեան ղեկավարը հրաժարական տուած է

Իսրայէլի բանակի ռազմական հետախուզութեան ղեկավարը հրաժարական տուած է

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի Ընդհանուր շտաբի հետախուզութեան վարչութեան հրամանատար, զօրավար-մայոր Ահարոն Հալիւան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է Ընդհանուր շտաբի պետ Հերցի Հալեւիին, գրած է newsru.co.il կայքը:

Հալիւան դեռ 2023 թուականի հոկտեմբերին յայտարարած է հոկտեմբեր 7-ին «Համաս»-ի յարձակման լոյսին տակ ռազմական հետախուզութեան ձախողման եւ հրաժարական տալու իր պատասխանատւութեան մասին։

Հիշեցնենք, որ ապրիլի սկիզբը Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի ընդհանուր շտաբի ռազմական հետախուզութեան վարչութեան վերլուծական բաժնի հրամանատար Ամիթ Սաարը յայտարարած էր իր հրաժարականի մասին։ Սաարը 2020 թուականէն կը գլխաւորէր ռազմական հետախուզութեան հիմնական ստորաբաժանումը եւ կը համարուէր Կազայի հատուածի փորձագէտ: