image

Իսրայէլեան կեդրոնէ մը դիտարկում.«Նասրալլա կ՚ուզէ փոխել «խաղի կանոններ»ը»

 Իսրայէլեան   կեդրոնէ մը դիտարկում.«Նասրալլա  կ՚ուզէ  փոխել «խաղի կանոններ»ը»

Իսրայէլեան «Երուսաղէմի հանրային եւ պետական հարցերու՝ Երոշալմի  կեդրոն»ը հաղորդագրութեամբ մը անդրադարձած է 13 յուլիսին «Հըզպալլա»ի  առաջին քարտուղարի ելոյթին, ընդգծելով որ Սէյիտ Հասան  Նասրալլայի խօսքը յայտարարութիւն է առճակատան նոր փուլի մեկնարկի մասին, որ պիտի չսահմանափակուի միայն Լիբանանի  ափերուն։ 

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Ալ Մայատին» կայանէն։

Կեդրոնի առանձին ուշադրութեան առարկան դարձած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի վերաբերեալ Նասրալլայի պարտադրած նոր ձեւաչափը։

Ըստ հաղորդագրութեան, «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Հասան Նասրալլան նոր բանաձեւ սահմանած է Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանազատման շուրջ բանակցութիւններ վարելու համար. աւելին՝ Նասրալլա կը սպառնայ թիրախաւորել տարածաշրջանին մէջ իսրայէլեան նաւթի եւ կազի բոլոր հարթակները ողջ Միջերկրական ծովին մէջ, եթէ առաջիկայ շաբաթներուն չյարգուին տնտեսական ջուրերուն մէջ նաւթի եւ կազի Լիբանանի իրաւունքները:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ գրուած է, որ «Հըզպալլա»ի առաջնորդը օգտուելով ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի տարածաշրջան կատարած այցէն՝ զգուշացուցած է Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը Լիբանանի իրաւունքները անտեսելու փորձերէն:

 Ան 13 յուլիսի իր  ելոյթին մէջ Իսրայէլը զգուշացուցած էր յառաջիկայ սեպտեմբերին նախատեսուող «Քարիշ» հանքավայրէն կազի արդիւնահանում սկսելու մասին՝ ըսելով, որ եթէ Լիբանանը երկու ամսուան ընթացքին չըստանայ իր իրաւունքները, ապա իրավիճակը շատ բարդ պիտի ըլլայ։ Ան բացատրած է, որ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի «թուլութիւն»ը կազի եւ նաւթի իրենց հրատապ կարիքն է, որ Լիբանանին եւ «Հըզպալլա»ին հնարաւորութիւն կու տայ պայթեցնելու այն:

Մէջբերելով Նասրալլայի այն խօսքը, թէ «Նոր բանաձեւը «Քարիշ»ն է, եւ «Քարիշ»էն անդինը, եւ աւելի անդինը», եւ զուգահեռ տանելով լիբանանեան երկրորդ պատերազմի նախօրէին հնչեցուցած նման խօսքին՝ «Հայֆան, եւ Հայֆայէն անդինը,...»,-կեդրոնը ընդգծած է, որ Նասրալլա վերադարձած է սպառնալիքներու մեթոտին, որ կիրառած էր Երկրորդ լիբանանեան պատերազմի օրերուն, եւ այժմ ան կը սպառնայ արձակել զինուած անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռային նռնակներ՝ «Քարիշ»ի կազային հարթակին ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ անկէ հեռու գտնուող թիրախներու վրայ՝ ակնարկելով Միջերկրական ծովուն  մէջ Իսրայէլի բնական կազի հանքավայրերուն:

Եզրափակելով հաղորդագրութիւնը, կեդրոնը մատնանշած է, որ «Նասրալլայի նոր սպառնալիքը առանձնացուած չէ տարածաշրջանային հիմնահարցէն՝ իրանեան սպառնալիքի առաջքը առնելու վերաբերեալ։ «Հըզպալլա»ն իրանեան ռեժիմի կարեւոր թեւն է, եւ Լիբանան-Իսրայէլ այս վէճն ուղղակիօրէն կապուած է համաշխարհային ուժանիւթի ճգնաժամին հետ»,-գրած է կեդրոնը։