Իսրայէլցի զինուորականները Կազայի հատուածին մէջ պաղեստինեան արմատական ՀԱՄԱՍ շարժման դէմ գործողութեան ընթացքին հասած են առափնեայ անկլաւի ափ եւ այնտեղ դիրքեր գրաւած են։
Այս մասին յայտնած է իսրայէլեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը:
«Վերջին շաբթուան ընթացքին ցամաքային գործողութիւններու ընդլայնման շրջածիրէն ներս 36-րդ (Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերու) ստորաբաժանումը գործած է Կազայի հատուածի հիւսիսային շրջանին մէջ եւ գրաւած դիրքեր՝ Կազայի ափի երկայնքով», -ըսուած է զեկոյցին մէջ: