image

Իսրայէլցի զոյգը ձերբակալուած. Պատճառը Էրտողանի պալատը լուսանկարելն է

Իսրայէլցի զոյգը ձերբակալուած. Պատճառը Էրտողանի պալատը լուսանկարելն է

Իսրայէլէն ամուսնական զոյգը ձերբակալուած է Սթամպուլի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի պալատը լուսանկարելու համար։ Գործը կը քննէ Իսրայէլի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը, սակայն թրքական իշխանութիւնները որեւէ պաշտօնական տեղեկութիւն չեն տրամադրեր ձերբակալութեան մասին։

Իսրայէլցիները լուսանկարները ուղարկած են ընտնաիքին WhatsApp-ով։ Նկարը կատարուած է, երբ մօտակայքէն նաւ անցած է։ Զոյգը չէ իմացած, որ համալիրի լուսանկարումը Թուրքիոյ մէջ օրէնքի խախտում է։

«Անոնց յանցանքն այն է, որ անոնք լուսանկարած են Էրտողանի պալատը անմեղ ճանապարհորդութեան ժամանակ», ըսած է փաստաբան Նիր Եասլովիցը: «Սա այն հազուագիւտ դէպքերէն է, երբ արդարադատութիւնը կը պահանջէ Արտաքին Գործոց նախարարութենէն ընել ամէն ինչ, որպէսզի Իսրայէլի քաղաքացիները չկալանաւորուին պետութեան սահմաններէն դուրս»:

Նախագահի խորհրդական Իսահակ Հերցոկ զրուցած է զոյգի ընտանիքին հետ։ Զոյգը պէտք է ներկայանայ դատաւորին, որ, հաւանաբար, կը հրամայէ անոնց ազատ արձակել եւ ետ կ'արտաքսուին Իսրայէլ։