image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ յայտարարած է Կազայի մէջ պատերազմի երկրորդ փուլի սկսման մասին

Իսրայէլ  յայտարարած է  Կազայի մէջ պատերազմի երկրորդ փուլի սկսման մասին

Իսրայէլեան բանակն անցած է Կազայի հատուածին մէջ ցամաքային գործողութեան երրորդ փուլին եւ ներկայ պահուն կը շրջափակէ Խան Եունիսը՝ անկլաւի հարաւային մասի ամենամեծ քաղաքը։ Այս մասին, ինչպէս հաղորդած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի գլխաւոր շտաբի պետ Հերցի Հալեւին։

«Պատերազմի մեկնարկէն 60 օր անց մեր զօրքերն այժմ Կազայի հատուածի հարաւին մէջ կը շրջապատեն Խան Եունիս շրջանը: Միեւնոյն ժամանակ մենք կը շարունակենք ամրապնդել մեր նուաճումները Կազայի հատուածի հիւսիսային շրջանին մէջ», - նշած է ան, ապա աւելցուցած, - «Մենք անցեր ենք ցամաքային գործողութեան երրորդ փուլին: Մենք գրաւեր ենք ՀԱՄԱՍ-ի բազմաթիւ յենակէտեր Կազայի հատուածի հիւսիսային շրջանին մէջ, եւ այժմ կը գործենք հարաւի մէջ գտնուող անոնց յենակէտերու դէմ»:

Գլխաւոր շտաբի պետն ընդգծած է, որ իսրայէլեան բանակը պատանդներու ազատ արձակման համար սահմանուած մարդասիրական դադարէն անմիջապէս ետք շատ արագ վերսկսած է ռազմական գործողութիւնները անկլաւին մէջ։

«Անոնք, որոնք կը կարծէին, թէ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը չի գիտնար՝ ինչպէս վերսկսիլ մարտերը դադարէ ետք, սխալած են, եւ ՀԱՄԱՍ-ն արդէն կը զգայ այդ: Վերջին օրերուն ոչնչացուած են ՀԱՄԱՍ-ի շատ զինեալներ, այդ շարքին՝ բարձրաստիճան հրամանատարներ», -աւելցուցած է ան: